Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Շնորհաւոր Անկախութեան 31ամեակդ Հայաստան

«Անկախութիւն»-ը  մէկ անգամէն գնուած կամ ձեռքբերուած առարկայ մը չէ, որ կ’առնես ու կը դնես «հայրենիք» կոչուող տանդ կեդրոնը, հպարտանալով որ զայն ունիս։ Ան երկաթ-պեթոնէ չէ,  պողպատէ չէ, անմահ չէ, առյաւէտ չէ։ Ան խարխուլ է ու չափազանց փխրուն. անպաշտպան է՝  անզօրութեան աստիճան։ Անկախութիւնը երեւոյթ մըն է, զոր պահպանելու համար անհրաժեշտ են գերմարդկային ջանքեր. անհրաժեշտ է գերմարդկային ճիգ: Բացարձակ կարեւոր չէ, բուռ մը Հայաստանի՞, արեւմուտքի որեւէ մեծ պետութեա՞ն, թէ՞ արեւելքի  որեւէ հզօր պետութեան մասին է խօսքը։ Միշտ զօրաւորէն աւելի զօրաւորը կը գտնուի, յաւակնոտէն աւելի յաւակնոտը, ագահէն աւելի ագահը։ Պատմա-քաղաքական շրջապտոյտին մէջ անիւը միշտ նոյն կողմը կը դառնայ, ժամանակ առ ժամանակ կանգնելով նոյն իրողութիւններու առջեւ, սակայն տարբեր դերակատարներով եւ տարբեր տաղաւարներու մէջ։ Ցաւալի է, որ այսօր մենք ու մեր երեխաները  յայտնուած ենք կիզակէտին՝ այս ամէն ինչի մէջ:  

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը ամէն օր կ’ենթարկուի նորանոր փորձութիւններու։ 31-ամեայ անկախութիւնը դեռ ընդմիշտ անկախ եւ հզօր ըլլալու երաշխիք չէ։ Մէկ անգամ անկախ ըլլալը չի նշանակեր մէկընդմիշտ անկախ ըլլալ։ Մեր երկրի անկախութեան երաշխաւորը միայն ու միայն մենք կրնանք ըլլալ, մեր միահամուռ եւ խելացի ձեռնարկումներով եւ որոշումներով։ Մեր երկրի անկախութիւնը մեր գոյութեան վերջին հանգրուանն է։ Հայը իրաւունք չունի միամիտ եւ դիւրահաւատ ըլլալու։ Մեր երկրի անկախ պետականութիւնը միայն  ու  միայն մեր պատասխանատուութիւնն է։

Շնորհաւոր  31-ամեայ տօնդ Հայաստանի Անկախ Հանրապետութիւն։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ