Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

27 Սեպտեմբեր

Սեպտեմբեր 27-ին կ’ամբողջանայ 44 օրեայ պատերազմի 2-րդ տարին։

Անհաւատալի է․․․

2 տարին քիչ է վէրքերը բուժելու, կորուստին գիտակցելու, փոխուած իրականութեան հետ յարմարուելու եւ եղած իրավիճակին հետ հաշտուելու համար։

Բայց եւ այնպէս 2 տարին քիչ չէ եղածը ի մի բերելու, հասկնալու, վերլուծելու եւ հետեւութիւններ ընելու համար։

Իրականութիւնը այն է, որ այն, ինչ սկսաւ 2020 -ի Սեպտեմբեր 27-ին եւ  կանգ առաւ Նոյեմբեր 10-ին, դեռ չէ աւարտած, չէ լուծուած, չէ վերջացած։ Հանգոյցը չէ լուծուած: Իրավիճակը  դամոգլեսեան սուրի պէս կախուած է հայ ազգի գլխուն եւ ամէն վայրկեան նորէն պիտի պայթի՝ ալ աւելի ծանր ու կործանարար հետեւանքներով։

2 տարին քիչ չէ հետեւութիւններ ընելու եւ պատրաստուելու համար։

27-ի լուսաբացը եռաբլուրի մէջ․․․․ օրը ոչ թէ սկսաւ առաւօտեան, այլ կէսգիշերին։

Մեզի կը թուի, թէ մենք կրնանք հասկնալ եւ ըմբռնել որդի, եղբայր, ծնողք կորսնցուցած ընտանիքներուն ապրումները, որոնք եռաբլուր են՝ հարազատի գերեզմանի կողքին։ Իրականութեան մէջ՝ անկարելի է։ Մենք կը պատկերացնենք ցաւի աստիճանը, բայց չենք կրնար զգալ այն՝ ինչ կ’ապրի հարսի հագուստով աղջիկը եղբօր գերեզմանին, երբ կ’ըսէ թէ իր ամէնէն երջանիկ օրն է։ Չենք կրնար զգալ այն՝ ինչ կ’ապրի նորածին զաւակի մայրը, երբ 2 օրական իր նորածինը կը բերէ այցելութեան եղբօր գերեզմանին։

Ամենածանր մղձաւանջը կ’ապրին հոգու խորքը։

Եռաբլուրին բնակութիւն հաստատած մեր եղբայրներ, մեր հայրեր եւ մեր որդիներ. ձեր զոհողութիւնն անչափ է, անգնահատելի եւ անվերադարձ։

Մենք պարտաւոր ենք պաշտպանելու եւ աւարտին հասցնելու այն գաղափարը, յանուն որուն դուք դարձաք անմահներ։ Մեր ապրած իւրաքանչիւր օր, ուր կայ նոր կեանքի  ծնունդ, կայ հարսանիք, կայ յաղթանակ, կայ ցնծութիւն, կայ նոր նախաձեռնութիւն, նոր ձեռքբերում, այս բոլորը մեզի կը հասնին ձեր կեանքի գինով։

Յաւերժ խունկ ու խոնարհում ձեր անմահ յիշատակին։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ