Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ԳՈՅԺ

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ.

ՇԱՀԷ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆի

1956-2022

Անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբերին, սրտի կաթուածի հետեւանքով, Ռիվըրսայտի մէջ, հարաւային Քալիֆորնիա, մեզմէ առյաւէտ հեռացաւ ընկեր Շահէ Սեփեթճեան, խոր սուգի մատնելով ընտանիքը եւ հարազատները:

Ան ծնած էր Պէյրութ, Լիբանան, 1956-ին, չորք-մարզպանցի Սարգիս եւ Անուշ Սեփեթճեաններու յարկին տակ: Շրջանաւարտ էր AUB-էն, որպէս Գիւղատնտեսութեան ճարտարագէտ եւ շրջան մը գործած Սէուտական Արաբիոյ մէջ, մինչեւ ամուսնանալն ու Քալիֆորնիա տեղափոխուիլը 1985 թուականին:

Լենա Եկէնեանի հետ կազմած էր իր բոյնը, բախտաւորուելով երկու զաւակներով՝ Արման եւ Ալին եւ մէկ թոռնուհիով՝ Նատիա-Անուշ:

Շահէ Սեփեթճեան իր սիրելիներուն յիշողութեան մէջ պիտի մնայ որպէս հայրենասէր, ընտանիքին ու բոլոր կարեկիցներուն օգնող-հասնող ընկեր, ամուսին եւ հայր:

Սգոյ արարողութիւնը կատարուեցաւ Շաբաթ, 24 Սեպտեմբերին Սանթա Անայի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Այս տխուր առիթով, մեր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանիքին եւ հարազատներուն:

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ