Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

«Եկեղեցին Կ՛աղօթէ…»

 Ատրպէյճանի Զօրքերուն Հայաստան ներխուժումին առիթով Սեպ­տեմ­բեր 18, 2022ին, Ատրպէյճանի բանակային ոյժերու կողմէ Հայաստանի սահ­ման­ներուն վրայ շղթայազերծուած լայնածաւալ յարձակումը եւ ներխուժումը անգամ մը եւս ցնցեց ամբողջ Հայ Ժողովուրդը՝ քաղաքական, ազգային եւ մարդ­կային լուրջ տագնապներու, բազմաթիւ զոհերու, վիրաւորներու եւ քան­դումներու իբր հետեւանք:

Դէպքին յաջորդեցին որոշ երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Միա­ցեալ Նահանգներու կողմէ խաղաղութեան եւ անմիջական զինադադարի  կո­չեր՝ յայտարարելով, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չի՛ կրնար ունե­նալ: Իսկ Հայոց կողմէ, զանազան երկիրներու մէջ բնականաբար տեղի ունե­ցան բողոքի արդար ցոյցեր:

Այս իրադարձութեան դիմաց, Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածինէն, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը՝ Գարեգին Բ. Հայաստանի եւ Արտասահմանի բոլոր Թեմերուն ուղղած է իր Հայրապետական «Խօսքը» եւ թելադրանքները:

Քաղաքական այս մտահոգիչ իրավիճակին առիթով, Կիրակի, Սեպ­տեմ­բե­ր 18, 2022ին, Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Պըր­պենք) տեղի ունեցաւ «Աղօթք»ի օր: Տեղի ունեցան Սուրբ Պատարագ, «Հան­րա­պետական Մաղթանք» եւ Հոգեհանգիստ՝ նահատակ հոգիներուն համար:

Օրուան արարողակարգին ներկայ էին բազմաթիւ եկեղեցականներ՝ Արեւ­մտ­եան ափի Հոգեւոր Առաջնորդներ, Եպիսկոպոսներ, Վարդապետներ, Քա­հա­նայ Հայրեր, Եկեղեցիներու եւ ազգային կազմակերպութիւններու ներ­կա­յա­ցուցիչներ՝ գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Համագաղութային Խոր­հուրդի: Հաւատացեալներու բազմութիւնը հաստատ կը վկայէր «Աղօթ­քի­ն նպատակը»:

Եկեղեցին հաւաքուած էր «Աղօթելու համար»:

Օրուան Պատարագիչն էր Գերշն. Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեան:

Արարողութեան ընթացքին, Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին կողմէ  կար­դացուեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին «Խօսքը», իսկ Գերշն. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան կարդաց Արամ Ա. Կաթողիկոսին «Խօսքը»: Եր­կու Կաթողիկոսներն ալ կ’արտայայտուէին մարդկային եւ ազգային խոր վիշ­տով, սակայն քաջալերանքի եւ չյուսալքուելու թելադրանքներով:

Սբ. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ «Հոգեհանգիստ»՝ «Շնորհալի» երգչախումբի յուզիչ երգեցողութեամբ:

Խուռներամ հաւաքուած հաւատացեալները աղօթեցին լուռ, ամփոփ եւ կեդ­րոնացած՝ Հայրենիքի անվտանգութեան, խաղաղութեան եւ Հայրենիքի համար զոհուած զինուորներու հոգիներուն համար:

Նոյն օրը, Արեւմտեան Թեմի բոլոր Եկեղեցիներուն մէջ հաւասարապէս կա­տար­ուեցան աղօթքներ, «Հանրապետական Մաղթանք» եւ Հոգե­հան­գի­ս­տ:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ