Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Մայք Յակոբեան Մարդը Եւ Նկարիչը (*)

ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Վաթսուն տարի ետ կը պտըտցնեմ ժամանակի անիւը, կը հասնիմ Պէյրութ, մեր համեստ հայահոծ Խալիլ Պատաուիի թաղերը, ուր ամէն առտու կը հնչէին Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ կոչնակն ու Ռուբինեան ազգային վարժարանի դասապահերու զանգերը։ Առտուն կանուխ իրենց մրճիկներով գործի կ՚անցնէին թաղի կօշկակարներն ու միւս արհեստաւորները։ Կը շրջէին մանրավաճառները եւ պատշգամներէն կ՚երկարէին տանտիկիններուն կողովները, որոնք շուտով պիտի լեցուէին պտուղ-բանջարեղէններով։ Բոլորն ալ համեստ, օրը օրին ապրող հայեր եւ ոչ-հայեր։ Վարժարան կը շտապէին աշակերտները, որոնց մէջ նաեւ բարակ վտիտ մանչ մը կ՚ուզէր առաջինը հասնիլ դպրոց։ Աչքերը կը պլպլային, ժպիտն անպակաս էր եւ թափանցիկ։ Աջ ու ձախ նայելով գրեթէ կը վազէր…ապագայ նկարիչ՝ Մայքը։

Մայք դիպուկ կերպով կ՚ըսէ. «Համեստ մարդը աւելի հրապուրիչ, համակրելի եւ ընկերային կը գտնեմ: Անոնց աշխատասիրութիւնն ու ազնուութիւնը կ’ոգեշնչեն զիս»:

Այո՛, մեր գիտցած Մայքն է ան՝ մեր թաղի ընկերներէս Յովսէփի կրտսեր եղբայրը, բարեհամբոյր Եզէկ աղբօր եւ համեստութեան խորհրդանիշ Տիկ. Մարիամի որդին։ Շուրջ բոլորը խոնարհ մարդիկ են, ճակտի քրտինքով ապրող արհեստաւորներ, պատուախնդիր ու աշխատասէր։ Անոնք կ՚ապրին այնպէս մը որ «օտարները գէշ կարծիք չունենան հայերու մասին», իսկ որո՞նք են այդ օտարները, եթէ ոչ երկրի արաբները՝ քրիստոնեայ եւ մահմետական, որոնք հայերու հետ խաղալու համար…հայերէն սկսեր էին խօսիլ։

Ապագային աշխարհ պտըտած Մայքը եւ բանաստեղծութեամբ ու երաժշտութեամբ հրապուրուած երիտասարդը՝ այդ աշխարհը – այժմ կորսուած – պիտի արտացոլացնէր իր կերպարուեստին մէջ։ Մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը կախարդական աշխարհ են, ուր կան երազներ, ձգտումներ եւ «մարդ դառնալու» ազնիւ փառասիրութիւններ։ Մայքի այդ աշխարհը իր հունը գտաւ ՀԲԸՄիութեան Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը ուսանած տարիներուն՝ ստանալով ժամանակակից եւ հայեցի կրթութիւն, որուն մաս կը կազմէր նաեւ արուեստի, երգ ու երաժշտութեան հանդէպ յատուկ վերաբերմունքը։ Եւ ահա նկարչութեան ուսուցիչ եւ արուեստաբան Պրն. Վազգէն Թիւթիւնճեան իր սանը կ՚առաջնորդէ ճիշդ ճամբով՝ անոր առջեւ բանալով գիծի եւ գոյներու կախարդական աշխարհը։

Լիբանանցին բախտաւոր է ի ծնէ որ աչքերը բացած օրէն կը տեսնայ Միջերկրականի կապոյտը, Լեռնալիբանանի կանաչը, Սաննին լերան ճերմակը, բազմազան միրգերու գոյներու տողանցքը։ Ահաւասիկ գաղտնիքը Մայքի գունագեղ պաստառներուն։ Իր կերպարները շարժուն են, աշխոյժ։ Ոմանք կը նկատեն Կոկէնեան տարրեր՝ նկատի ունենալով Մայքի վառ գոյները, բայց ես նոյն ուժգնութեամբ կը տեսնեմ նաեւ ծննդավայր երկրի՝ Լիբանանի եւ Հայաստան աշխարհի գունագեղութիւնը եւ այս վերջինիս հարազատ զաւակ Մինաս Աւետիսեանի կարմիրը, ծիրանագոյնը, եւ  մանիշակագոյնը։ Նշուած նկարիչներու անուններու թուարկումը պէտք չէ ենթադրել տայ թէ «ընդօրինակում մը» կայ Մայքի արուեստին մէջ, ո՛չ երբեք, այլ արդիւնք է իրարու նման մտածող եւ զգացող մարդոց հոգեկառուցուածքի, հոգիի սերտ կապուածութեանը հողին ու անցեալին։

Ինչպէ՞ս չհամաձայնիլ նկարիչի հետեւեալ խոհերուն.

-Իմ նկարներս հիանալի աշխարհ մը կը ստեղծեն դիտողին համար, ուր դիտողը կ’առաջնորդէ դէպի այն խորհրդաւոր, խաղաղ ու պայծառ աշխարհը, որ իրեն կը պարգեւէ հոգեկան հրճուանքներ եւ կը փոխանցէ ներաշխարհս եւ ցանկացած պատգամս ու ան կը զինաթափուի այդ պայծառութեան առջեւ:

Եւ իրօք, կը դիտես Մայքի ծովափնեայ գողտրիկ նաւահանգիստները, կապոյտին վրայ ծփացող նաւակներն ու առագաստանաւիկները ու կ՚ըմբոշխնես  խաղաղ աշխարհի մը պարգեւած հոգեկան աշխարհը, այլ խօսքով հոգիդ կը բացուի եւ փորձուիս բարձրաձայնել.

-Մարդի՛կ, լաւ դիտեցէք այս գեղեցկութիւնը, որ մարդու եւ բնութեան  ծնունդն է, ինչո՞ւ կը փճացնէք ու կ՚աղաւաղէք ձեր մեքենաներով ու երկնաքերներով…

Մարդու եւ բնութեան համերաշխութիւնը Մայք Յակոբեանի գլխաւոր մտասեւեռումներէն մէկն է։ Ըսել կ՚ուզէ թէ մարդը բնութեան հրաշալիքներէն մէկն ըլլալով պարտաւոր է տէր կենալ անոր եւ սորվիլ միասին ապրիլ։

Նկատելի է կարեւոր յատկանիշ մը Մայքի թէ՛ անձին եւ թէ՛ գեղանկարչութեան մէջ։ Ան երբ հոգի կու տայ պաստառին եւ հոն կը յայտածուին դէմքեր, բնութեան հրաշալիքներ, կարծես իր նկարչութեան մէջէն կը խօսի նաեւ բանաստեղծն ու երաժիշտը։ Արուեստի եռամիասնութիւն մը համերաշխօրէն կ՚ընթանայ զուգահեռաբար եւ զիրար ամբողջացնելով։ Օրինակ՝ Կոմիտասին եւ Սայաթ Նովային նուիրուած պաստառները, ուր կը գտնէք երեք արուեստները միաժամանակ՝ նկարչութիւն, բառի ու խօսքի կախարդական ուժգնութիւնը եւ երաժշտութեան կախարդանքը։

Մայքը տակաւին «երիտասարդ է» որպէս նկարիչ, որ հիմա նոր թափ առած է վերադարձնելու արուեստասէրին՝ ինչ որ ստացեր է հրաշակերտ բնութենէն։

(*) Մայք Յակոբեանի ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2022-ին, Փասատինայի ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ԹՄՄ Կլենտէյլ-Փասատինայի մասնաճիւղին։

Լոս Անճելըս

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ