Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Մանկունք

Ամէնէն կարեւոր եւ պատասխանատու գործառոյթը, պատասխանատուութիւնը, առաքելութիւնը, կոչումը, ծառայութիւնը՝ մանուկներուն հանդէպ մեր, այսինքն մեծահասակներուն ունեցած պատասխանատուութիւնն է: Թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ապագան, գրեթէ ամբողջութեամբ կախում ունի մեր այսօրուան գործողութիւններէն:

Մենք սերմեր ունինք, որոնք հողի մէջ կը ցանենք ու պէտք է որ աճեցնենք:  Մենք կրնանք տնկել, ջրել ու մոռանալ։ Կը մեծանայ այն, ինչ որ ինքն իրեն կը մեծանայ։ Կամ կրնանք տնկել, ջրել, խնամել, բուժել, աճեցնել ծառն այնքան, որ վաղը մեզի ու մեր երկրին ծառայէ:  

Երեխաները, երբ նոր կը ծնին, մաքուր, անմեղ ու անապակ արարածներ կ’ըլլան. մաքուր կտաւ, որուն վրայ կարելի է նկարել որեւէ բան։ Մենք կրնանք  անոնց դարձնել աշխարհի ամենաբարձր գիտակցութիւն ունեցող, ամենազարգացած մարդիկ, կամ, ցաւօք, անպատասխանատու եւ անփոյթ մարդիկ։ Մենք միշտ անոնց կը մեծցնենք եւ մեր նման կը դարձնենք: Այն ինչ մեր կենցաղի մէջ, մեր միջավայրի մէջ, մեր առօրեային մէջ մենք կ’ապրինք, նոյնը կը ներարկենք մեր երեխաներուն։ Մեր օրինակով մենք կը մեծցնենք վաղուան  պատասխանատուները։

Կիրթ, ամուր, զօրաւոր, առաջադէմ հասարակութիւն ունենալու համար մատաղ սերունդին ճիշտ ուղիով առաջնորդելը, կրթելը եւ զարգացնելն է ամենակարեւոր ներդրումը՝ ապագայի մէջ։

Մանուկներուն համար լուսաւոր, առողջ , ամուր եւ կայուն ապագայ ապահովելը այսօր մեր բոլորին պարտաւորութիւնն ու առաքելութիւնն է։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ