Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Ես Հայ  Եմ

Ոչ մէկ ատեն ամչցած եմ, որ հայ եմ, ընդհակառակը. միշտ հպարտութեամբ  յայտարարած եմ, որ հայ եմ, յատկապէս երբ օտար երկրի մէջ ըլլամ: Բայց վերջերս ամէն ատեն կ’ամչնամ հայրենակիցներէս, իրենց արարքներէն, միտքերէն կամ անգործութենէն։

Չեմ գիտեր, թէ մեր նորագոյն պատմութեան ո՞ր շրջանէն սկսանք կորսնցնել մեր ինքնութիւնը բնորոշող գիծերը,  արժեհամակարգը, մարդկային եւ ընտանեկան արժէքները, բայց այս բոլորը փաստ են:

Խօսքս չեմ կրնար ընդհանրացնել ամբողջ ազգը նկատի ունենալով: Մենք բացառիկ հայրենակիցներ ունինք, որոնք ազգի դիմագիծ են։ Շատ լաւ ու տաղանդաւոր երիտասարդներ ունինք, որոնք իրենց գաղափարներով եւ զարգացումի աստիճանով կը փայլին:

Բայց այսու ամենայնիւ, մեծ թիւով հայրենակիցներ կան, որոնք գաղափար չունին թէ ո՛վ են իրենք եւ ուրկէ՛ կը սերին։ Մարդիկ կան, որոնք այնքա՛ն յեղյեղուկ  արժէհամակարգ ունին, որ որեւէ կողմէ փչող քամիի հետ պատրաստ են թեքուելու: Մարդիկ կան, որոնք սկզբունքներէն աւելի կը գերադասեն իրենց համար յարմարաւէտ վիճակը,  ազգային շահէ աւելի՝ անձնական շահը: Մարդիկ կան, որոնք պատրաստ են որեւէ կրօնքի տակ ստորագրելու, որովհետեւ մէկը միւսէն  չեն տարբերէր, ու եթէ  պնդենք, որ անանուն հրատարակութիւն մը քրիստոնէութեան մասին գիրք է, սրտանց կը հաւատան։ Մարդիկ կան, որոնք պատրաստ են որեւէ տեսակի համաշխարհային ու մեծ  կորուստներով զիջումներու, միայն թէ իրենց համար յարմարաւէտ ու ջերմ հանգիստը չխախտուի։ Մարդիկ կան, որոնք իրենց կօշիկէն այն կողմ ոչինչ կը տեսնեն ու պատրաստ են որեւէ մէկու հետ սեղան նստելու, գինի խմելու, միայն թէ այդ գինին անվճար ըլլայ։ Հիմա յեղյեղուկ եւ աժան է «ազգային դիմագիծ» գաղափարը, «հայրենիք» գաղափարը, «միասնական ազգ» գաղափարը․․․

Ես ոչ մէկ ատեն ամչցած եմ, որ հայ եմ: Միշտ հպարտ եղած եմ, որ հայ եմ։ Բայց հիմա սկսած եմ ամչնալու անգրագէտ, գաղափարազուրկ եւ անողնաշար հայրենակիցներէս, որոնք ամբողջ աշխարհին կը ներկայացնեն իմ ազգս։  

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ