Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Ահազանգային Գոյավիճակ Արցախի Մէջ

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

2020 Հոկտեմբեր-Նոյեմբերի 44 օրուան հայ-ատրպէյճանական պատերազմը ընդհատուեցաւ, միջամտութեամբ ռուսական բանակի խաղաղապահ 2000 զինուորներուն, որոնք տեղադրուեցան Շուշիի մէջ։ Զինադուլի մը կնքումով, հայկական Արցախը կորսնցուց իր հողային տարածութեան երկու երրորդը։

Պատերազմի դադրեցման պայմանագիրը ստորագրեցին Ալիւեը, Փաշինեանը ու Փութինը՝ որպէս միջնորդ։ Այս համաձայնագրին 9-րդ յօդուածը կը նախատեսէր, Նախիջեւանէն սկսեալ, Զանգեզուրի վրայով «թրանսփորթային հաղորդակցութեանց կառուցում դէպի Ատրպէյճան»։

Երբ Հայաստանի իշխանութիւնները պնդեցին, թէ Զանգեզուրի վերոյիշեալ միջանցքը իբրեւ երթուղի միայն պիտի գործէր, Ատրպէյճանի բանակը շարունակեց պարբերական սաստիկ ռմբակոծումի տակ պահել Արցախի, ու մանաւանդ Հայկական Հանրապետութեան հարաւ-արեւելեան շրջանները, ատեն-ատեն սահմանային թափանցումներ ալ կատարելով։ Ատրպէյճանը հայկական բանակի միաւորներուն եւ հայաբնակչութեան պատճառեց մարդկային կորուստներ ու տեղահանութիւններ։

Այս հանգրուանին, Ատրպէյճան նկատելով թէ, վերջին զինադուլէն իվեր իր մարտավարութիւնը կը շարունակուէր տեղքայլ ընել, դիմեց նոր միջոցառումի։ Արդարեւ, անիկա չգոհացաւ Արցախի հայթայթուած կազամուղի պարբերական ընդհատումներով։ Անիկա Դեկտեմբեր 5-էն սկսեալ փակեց Լաչինի մուտքը, ուր արդէն ռուսական խաղաղապահ զօրքերը կը հսկէին։ Շուրջ 120,000 բնակչութեամբ արցախահայութիւնը կ՚ենթարկուէր լման շրջափակումի։ Մինչեւ հիմա, անցքը փակուած մնալով, կենսական այլազան ուտելիքներ, մթերքներ, դեղորայք սկսած են պակսիլ։ Նոյն ընտանիքի անդամներ, այլազան պէտքերու համար Արցախէն դուրս գտնուելով, չեն կարող իրարու միանալ։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակային յայտարարութեամբ ահազանգ հնչեցուց, նման քայլ մը ցեղասպանութեան առաջնորդող բացայայտ արարք նկատելով։

ՄԱԿ-ի, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, ՆԱԹՕ-ի, Քանատայի եւ այլ երկիրներու կողմէ առանձին դիմումներ կատարուած են միջնորդութեան համար։ Միաժամանակ, դաշնակից (?) Ռուսաստանի ալ դիմուած է։  Պաշտօնական խօսնակ Զախարովան կոչ ըրած է բանալու համար Լաչինի անցքը։ Վերոյիշեալ շրջանակներու դիւանագիտական ճնշումները ակնկալելի է որ դրական անդրադարձ պիտի ունենան, առաջին հերթին վերահաստատելով երթեւեկութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ։

***

Ատրպէյճանի սպառնական, սանձարձակ քաղաքականութիւնը կը շարունակուի, մասնաւորաբար երկարաձգուելուն հետեւանքով նաեւ Ուքրանիոյ պատերազմին, ուր ռուսական բանակը ընդհանուր տեղատուութեան մէջ է։ Միաժամանակ, սակայն անոր հրթիռային ռմբակոծումները կը շարունակեն պատճառել լայնածիր աւերումներու կողքին, մանաւանդ ելեկտրականութեան ու ջուրի համատարած պակասութիւն։

Ուքրանիոյ ճակատագրին անորոշութիւնը կ՚ուշացնէ Արեւմուտքին ազդեցիկ միջամտութիւնը հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան վրայ, կեդրոնանալով բանակցութեանց սեղանին շուրջ մնայուն խաղաղութեան մը յանգեցնելու համար։

Զուգահեռաբար, Ատրպէյճան վայելելով Թուրքիոյ անվերապահ թիկունքը, կը շարունակէ իր երկերեսանի, անբարտաւան քաղաքականութիւնը Հայաստանի հանդէպ։

***

Ռուսական, ամերիկեան, եւրոպական նախաձեռնութիւններով կազմակերպուած են հայ-ազերիական բազմաթիւ «հանդիպումներ», որոնք այլեւս ժամանակաւոր ձեւակերպութիւններու վերածուած են կարծէք։ Եւ ամէն անգամ, կողմերու յանձնառութիւնները խոստումէ անդին չեն անցած։ Նախագահ Ալիեւ, տուն վերադառնալէ ետք, անտեսելով, իր այլազան յանձնառութիւնները, կը շարունակէ իր սպառնալիքները, ազերիական զօրքերը դիմելով սահմանային բոլոր տեսակի խախտումներու։

***

Վերջերս, քիւրտ կնոջ մը կողմէ, Պոլսոյ մէջ կատարուած ահաբեկչութիւնը պատրուակ բռնելով, Թուրքիա ահաւոր ռմբակոծումի ենթարկեց Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանի քրտաբնակ գիւղերը, ուր կը գտնուին նաեւ քիւրտ տեմոքրաթ կազմակերպութեան զինեալները։ Այս ռմբակոծումներուն համար Թուրքիա ազդարարութիւն ստացած է Մ. Նահանգներէն։

Ամերիկայի քաղաքականութեան հիմնական նպատակներէն մէկը եղած է հարաւային Կովկասի մէջ հաստատել խաղաղութիւն, որուն իբրեւ հետեւանք պահպանուած կ՚ըլլայ, միաժամանակ, Հայաստանի տարածքը եւ երկրին անկախութիւնը։

Վերոյիշեալ շրջանին եւ Իրաքի մէջ, ամերիկացիք զինուորական իրենց ներկայութիւնը եթէ բացայայտօրէն չզօրացնեն, ու զուգահեռաբար ալ, Արեւելեան Միջերկրական Ծովուն ու Կիպրոսի շրջակայքը, ամերիկեան նաւատորմիղը ցուցադրական ներկայութիւն չունենայ, այնպէս կը թուի թէ ամերիկեան դիւանագիտական միջամտութիւնները Հայաստանի ի նպաստ նշանակելի յաջորդութիւններ պիտի չարձանագրեն։

***

Միջանկեալ, կ՚ուզենք նաեւ արձանագրել, թէ Թուրքիա կարեւոր քանակութեամբ քարիւղ կը ներածէ հիւսիսային Իրաքի կիսանկախ Քիւրտիստանէն, որ Թուրքիոյ մէջ Օճալանի ըմբոստ կազմակերպութենէն, եւ հիւսիսային Սուրիոյ քրտական տեմոքրաթ կազմակերպութեան զինեալներու հակաթուրք քաղաքականութենէն տարբեր դիրքորոշում որդեգրած է։

Իսկ փակագիծի մէջ յայտնենք նաեւ, թէ Պաղտատի կառավարութեան արտօնութեամբ, հիւսիսային Իրաքի արեւմտեան մասին մէջ, գոյութիւն ունի թրքական սահմանափակ բանակատեղի մը, որուն զինուորական միաւորները գործած են ԻՍԻՍ-ի գործողութեանց ի նպաստ, իսկ այլազան առիթներով՝ Օճալանի համակիր քիւրտ հրոսակախումբերու դէմ։ Անոնք միաժամանակ օգնած են հիւսիսայի Իրաքի Քիւրտիստանէն քարիւղի տեղափոխութեանց դէպի Թուրքիա։

***

Չմոռնանք նաեւ Ատրպէյճանի ալ կողմէ, շօշափելի քանակութեամբ քարիւղի հայթայթումը եւրոպական երկիրներուն, ինչպէս նաեւ՝ տնտեսական այլազան կապեր, որոնք կը դանդաղեցնեն գործնական ու կտրուկ միջոցառումներու կիրարկումը ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ