Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Եօթը Անուններ Ընծայուած ՏիրոջՅունուար 13

Անուանակոչութիւն Տեառն

ԶԱՒԷՆ Ա ՔՀՆ.  ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ  

Յունուար 13-ը, ութօրէքն է Սուրբ Ծննդեան, անշարժ թուական մը ինչպէս Յունուար 6, երբ Մանուկը անուանեցին ՅԻՍՈՒՍ համաձայն հրեշտակին իր մօր Մարիամին տուած աւետիսին։ Անշարժ թուական պիտի ըլլայ նաեւ Փետրուար 14-ը երբ քառասնօրեայ Մանուկը  Տաճար պիտի ընծայուի։

Յիսուս եղաւ առաջին անուանումը, որուն անմիջապէս կցուեցան Փրկիչն ու Օծեալը։ «Օծեալ»ին յունարէն թարգմանութիւնն է Քրիստոս՝ «զի ծնաւ ձեզ այսօր Փրկիչ որ է Օծեալ Տէր ի քաղաքի Դաւթի», ինչպէս կը կարդանք Ղուկասու Աւետարանին սկիզբը։ Սկզբնական այս երեք անուանումները, Յիսուս, Քրիստոս, Փրկիչ, իրենց յատուկ բովանդակութեամբ տրուեցան, Յիսուս «որ պիտի փրկէ իր ժողովուրդը», եւ Քրիստոս «Աստուծոյ օծեալը», եւ «Փրկիչն աշխարհի» որ պիտի ազատէ մարդիկ իրենց մեղքերէն իր կեանքի գինով, արեան հեղմամբ խաչին վրայ, տէրը կանգնելով իր անուններուն։

            Աւելի հիմնական անուն մը, նոյնիսկ իր ծնունդէն առաջ, Մարգարէներէն կուգայ եւ Աւետարանիչն    ալ այդպէս նշած է, թէ Բեթղեհէմի ծնունդ Մանուկը Էմմանուէլ պիտի կոչուէր, որ եփրայերէն լեզուով կը նշանակէ «Աստուած մեզ հետ», ԷլԷլօհիմն է (Աստուած), եւ Էմմանու՝ (մեզ հետ)։  Արաբերէն լեզուն եւս նոյն կոչումը կ՛արձագանգէ՝ «մա՚անա» (մեզ հետ) «Ալլահ» (Աստուած)։ Այս անուանումը շատ յատկանշական է քանի որ Յիսուսի ծննդեամբ Աստուած յայտնուեցաւ, եւ ոչ թէ միայն մանուկ Յիսուսը ծնաւ։ Հայոց Եկեղեցին կը   շեշտէ այս կէտը եւ միայն Ծնունդ չի կոչեր այս մեծ տօնը, այլ նաեւ Աստուածայայտնութիւն։

            Այս չորս անունները, Էմմանուէլ, Յիսուս, Քրիստոս, Փրկիչ, սրբագործուեցան անուանակոչումով մը եւս, այս անգամ Հայր Աստուծոյ կողմէ Յիսուսի մկրտութեան պահուն, երբ «սա՛ է Որդին իմ սիրելի», ՈՐԴԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ բարձրագոյն անունով կոչելով զինք։ Իր երեսնամեայ աստուածային առաքելութեան շրջանին     եւ մանաւանդ աւարտին Յիսուս այս անգամ Ի՛նք ինքզինք կոչեց նաեւ Որդի Մարդոյ, զայն յատկացնելով        իր մարդկային բնութեան, եւ երկուքին՝ աստուածային եւ մարդկային բնութիւններուն միացմամբ իր Անձին մէջ, աշակերտներուն յայտնելով վերջին դէպքերը՝ թէ ինչ պիտի պատահէր իր կեանքի վերջին օրերուն։

            Յիսուս Քրիստոսի Համբարձումէն ետք նորակազմ Եկեղեցին Պօղոս Առաքեալի բերնով զինք անուանակոչեց եօթներորդ եւ լրացուցիչ անունով մը թէ Ինքն է ՏԷՐԸ, «անուն մը բոլոր անուններէն վեր»։

Էմմանուէլ՝ Աստուած Մեզ Հետ     

            Եփրայերէն արական յատուկ անուն որ երկու անգամ կրկնուած է Եսայի Մարգարէութեան մէջ (7:14  եւ 8:8) իր թարգմանութեամբ՝ «Աստուած մեզ հետ», եւ այն մեկնաբանութեամբ թէ Աստուած իր ներկայու-թիւնը ցոյց պիտի տայ իր ժողովուրդի փրկութեան համար։ Մարգարէութիւնը կատարուեցաւ Բեթղեհէմի Մանուկին ծնունդով որ կոչուեցաւ Յիսուս։ Մատթէոս Աւետարանիչ կը հաստատէ զայն ըսելով թէ Եսայի  մարգարէի բերնով  ըսուած  է  թէ՝  «ահա  կոյսը  պիտի  յղանայ եւ  որդի  մը  պիտի  ծնի,   եւ  զայն պիտի  կոչեն Էմմանուէլ որ կը թարգմանուի Աստուած մեզ հետ» (1։23)։

            Քրիստոնէական հասկացողութեամբ Էմմանուէլ անունը կը նշանակէ Աստուածայայտնութիւն։ Ան նաեւ Քրիստոսի հետեւորդներուն վրայ կը թողու ծանր պարտաւորութիւն մը՝ եթէ Աստուած մեզ հետ է, արդեօ՞ք մենք ալ Աստուծոյ հետ ենք։ Ծանրակշիռ պարագայ մըն է  որ սակայն կարեւոր մասամբ իր քաղցր պատասխանն ունի Քրիստոսի Եկեղեցիին միջոցաւ։ Ո՛րքան երջանիկ պէտք է զգայ Քրիստոնեայ աշխարհը
որ Քրիստոսի մարմնաւոր ներկայութիւնը կը շարունակէ իրագործել Իր հոգեւոր մարմնոյն՝ Եկեղեցիին միջոցաւ, այսինքն մեղսալից հաւատացեալներու ջերմեռանդ պաշտամունքով։

Յիսուս-Քրիստոս ՏԷՐ Բոլորին

Ան որ մարդոց մեղքերը իր վրայ պիտի վերցնէր Խաչին վրայ, Ինք ըլլալով միակ անմեղն ուՕծեալը ինչպէս գրած է Ղուկաս Աւետարանիչ (2:8-20)։ Փրկիչը Մեսիան պիտի ըլլար Իր Օծեալ Քահանայապետի հանգամանքով, որովհետեւ օծեալը Հայր Աստուծոյ ընտրեալ Որդին էր միանգամայն։ Եզրափակիչ ՏԷՐ անունը յայտնապէս տրուեցաւ Յիսուսի Իր առաքելութեան աւարտին Համբարձումէն ետք որպէս փոխառեալ անուն Հին Կտակարանէն, եւ Յիսուսի ծննդեան պահուն իրեն տրուած ազդանշանէն։ Այս անգամ Պօղոս Առաքեալի կողմէ հռչակուած անուանակոչում մը եղաւ իր նոր բովանդակութեամբ, երբ Առաքեալը հրաւիրեց նորադարձ քրիստոնեաները ճանչնալու Փրկիչը որպէս ՏԷՐ եւ իբր այդպիսին պաշտելու զինք։ Քանզի այդ անունին առջեւ, որ գերիվեր է ամէն անունէ, ամէն ոք պիտի ծնրադրէր, երկրի վրայ եւ կամ երկնքի մէջ։ ՏԷՐ անունը անմիջապէս պաշտամունքի կեդրոնական տեղը գրաւեց եկեղեցիներուն մէջ, ցոյց տալով որ ամէն քրիստոնեայ ենթարկուած կը մնայ Յիսուս Քրիստոսի որպէս ՏԷՐ բոլորին, բոլոր պարագաներու ներքեւ։ (Փիլիպեցւոց 2:11):


   

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ