Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մարիա Ճէյքըպսընի Յիշատակի ձեռնարկ Կլէյնտէյլի մէջ

 Մարիա Ճէյքըպսընի (1882-1960) լուսաշող անունը ծանօթ է հայ ժողովուրդին: Դանիացի այս միսիոնարուհին, Խարբերդի մէջ ականատեսը եւ վկան ըլլալով հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան, որոշեց որբանոց մը բանալ փրկելու համար հայ որբերը: Թուրք ոստիկանները զինք նեղացնելով եւ միշտ փորձելով հայ որբերը խլել եւ սպաննել, Մարիա Ճէյքըպսընը որբանոցը փոխադրեց Լիբանան եւ կոչուեցաւ «Թռչնոց Բոյն»: Ան հայերէն սորվեցաւ եւ որբերուն Աւետարանը հայերէնով կը կարդար: Իր կտակին համաձայն, մահանալէ ետք ան թաղուեցաւ «Թռչնոց Բոյնի» որբանոցի մուտքին:ԱՄՆ-ի մէջ Մարիա Ճէյքըպսընի բարեկամներու շրջանակ մը գոյութիւն ունի, որ քանի մը առիթներով, այս ափերուն վրայ ոգեկոչեց մեծ մարդասէրին յիշատակը: Այս տարի եւս, երկու ձեռնարկներով պիտի նշուի որբախնամ ազնիւ տիկնոջ յիշատակը:Ուրբաթ, 21 Հոկտեմբեր 2016-ին, Կլենտէյլի Փրեսբիթերեան եկեղեցւոյ մէջ, 125 S.  Louise St. (Իրանահայ Միութեան կեդրոնին կից) տեղի պիտի ունենայ յիշատակի  երեկոյ մը նուիրուած Մարիա Ճէյքըպսընի: Ձեռնարկը կազմակերպուած է Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու կողմէ: Երկրորդ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 23 Հոկտեմբեր 2016-ին Դանիացիներու քաղաքը հանդիսացող Սոլվանկ քաղաքին մէջ, Bethania Lutheran Churh-ի մէջ (603 Atterday Rd., Solvang, CA): Այդ օր ներկայ պիտի ըլլայ որբանոցի նախկին սաներէն, այժմ Անգլիոյ թագաւորական նուագախումբի ղեկավար Սըր Վարդան Մելիքեան: Մաէսթրոն այդ գիշերուան նուագահանդէսը նուիրած է «Թռչնոց Բոյն»ի հիմնադիր Մարիա Ճէյքըպսընին: Յիշենք, թէ «Թռչնոց Բոյն»ը ունեցած է 4000-է աւելի սաներ:

 

 Խաչիկ Ճանոյեան 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ