Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

545-ը ընդդէմ 320,000,000-ին.Յակոբ Մարտիրոսեան

545-ը ընդդէմ 320,000,000-ին

 

 

 

Պատմութեան մէջ եւ մանաւանդ այսօր, փաստարկուած է, թէ երկիրներու քաղաքագէտները միակ անհատներն են աշխարհի մէջ, որոնք «խնդիրներ» կը յարուցանեն, իրենց ժողովուրդներուն վրայ բեռցնելով զանոնք:

Բնաւ հարց տուա՞ծ էք, թէ «ինչո՞ւ երկրի մը հաշուեկշիռը միշտ «բաց» է կամ «պակաս», կամ «կարմիրի» մէջ: Պատասխանը հեշտօրէն կրնանք յայտարարել. եթէ մեր այժմու ապրած երկրին, Միացեալ Նահանգներուն, 545 օրէնսդիր քաղաքագէտները չըլլային, այն ատեն երկրին պիւտճէն հաւասարակշռուած, բաւարարուած կամ՝ յաւելեալ պիտի ըլլար… եթէ այդ յանձնուած ըլլար մասնագէտներու: Ի՞նչ պատճառներով սղաճ եւ բարձր տուրքերու ներքեւ պէտք էր ընկճուէինք, եթէ արուեստականօրէն անոնք ստեղծուած չըլլային քաղաքագէտներու քիմքերը հաճոյացնելու համար: Խղճամիտներն ու բացառութիւնները յարգելի են… եթէ կան անշուշտ:

Նկատի առնելով հետեւեալը, կրնանք յստակ գաղափար մը կազմել մեր շուրջ իրականացած քաղաքական , տնտեսական, կենցաղային եւ մէկ խօսքով՝ համաշխարհային բոլոր իրադարձումներուն մասին։

Այս երկրին պիւտճէն կ’առաջարկուի նախագահին կողմէ, եւ ոչ՝ ժողովուրդին:

Հաստատութիւններու յանձնուած պետական յատկացումները կ’որոշուին եւ կը հաստատուին Քոնկրէսին, ներկայացուցիչներու տան կողմէ, եւ ոչ՝ ժողովուրդին:

Տուրքերու սահմանումն ու կանոնագիրքը կը գրուի Senate-ին, ծերակոյտին կողմէ, եւ ոչ՝ ժողովուրդին:

Մենք եւ դուք չենք որոշեր տնտեսական քաղաքագիտութիւնը, ներկայացուցիչներու տունը կ’որոշէ զայն:

Մենք եւ դուք չենք որոշեր նիւթական քաղաքագիտութիւնը,  պետական պահեստի դրամատունը կ’որոշէ զայն:

Հարիւր ծերակուտականներ, 435 ներկայացուցիչներ, մէկ նախագահ եւ 9 բարձրագոյն ատեանի դատախազներ, որոնք կը կազմեն թիւով 545 հոգիներու «աւազակախմբակ» մը, 320 միլիոն ժողովուրդէն մասնիկ մըն են, որոնք ուղղակիօրէն, օրինապէս, բարոյապէս եւ անհատապէս  պատասխանատու են այս երկրին մէջ յարուցուած թնճուկ հարցերուն:

Մենք տակաւին նկատի չենք առած «մասնաւոր հետաքրքրութիւն»  կամ «լոպիիսթներու» շարանը, որոնք որեւէ օրինական աշխատանքի չեն ծառայեր, եթէ նոյնիսկ՝ «կաշառքներ» , «հրաւէրներ» կամ «նուէրներ» առաջարկած են օրէնսդիր մարմիններուն. անոնք շատ լաւ գիտեն ինչ հնարքներով թաքցնել ստացուած «նուիրատուութիւնները» : Բայց անշուշտ, եթէ դուն անձամբ փորձես կաշառել որևէ պետական պաշտօնեայ, «բանդ բուրդ» է:

Սովորական արարածի մը եւ քաղաքագէտի մը տարբերութիւնը քաղաքագէտ անձին մէջ կուտակուած ագահութիւնն է, մաղձն է, քէնը եւ երեսին սկրթուքը: Երբ ներկայացուցիչներու տունը, առանց խպնելու կ’այպանէ նախագահը, երկրին տնտեսական բացին պատճառով, քաջ իմանալով որ նախագահը առ ի պաշտօնէ՝ միայն կ’առաջարկէ երկրին պիւտճէն, մինչդեռ ներկայացուցիչները իրենք են որոշում կայացողները եւ օրէնսդիրները: Որքա՜ն հեշտ է ուրիշը այպանել քու սխալիդ համար:

Մեզի անըմբռնելի կը թուի, թէ՝ 320 միլիոն ժողովուրդ հաշուող երկիր մը ինչպէ՞ս չի կրնար ձերբազատուիլ 545 անհատներէ, որոնք անկարողութիւններով եւ անպատասխանատուութիւններով տակաւին կը շարունակեն օգտագործել պետական բոլոր իրաւասութիւնները,  ի շահ իրենց կեցութեան եւ կամքի հաճոյքին: Եթէ երկրին տուրքերու կանոնները արդար չեն,  երկրին հաշուեկշիռը կարմիրով նշուած է, եթէ մեր զինուորները Իրաքի կամ Աֆղանիստանի մէջ են, եթէ «անոնք» պետական ընկերային ապահովութեան՝ Social Security-ին մաս չեն կազմեր եւ ունին հանգստեան կոչուելու եւ առողջապահական աւելի ճոխ ապահովութիւններ եւ չկան անլուծելի հարցեր իրենց համար, ուրեմն՝ այս 545 անհատները այդպէս կը փափաքին եւ այդպէս ալ ծրագրած են՝ իրենք իրենց համար: Որպէս խաբկանք՝ դիւանակալները (Bureaucrats), լոպիիսթները եւ կանոնաւորողները (Regulators) թող չայպանուին իրենց գործած սխալներուն համար, որովհետեւ նշուած անձերը նշանակուած են եւ փոխարինելի են իրենց 545-ին իսկ հրամաններով: Նաեւ՝ թող չայպանուին «տնտեսութիւնը», «սղաճը» կամ «քաղաքականութիւնը» որևէ այլ յանցաւոր պատճառներով, որովհետեւ՝ անոնք, այդ (545)-ը, օրէնքով երդուած եւ ուխտած էին պահպանել, զարգացնել և բարգաւաճեցնել երկրին ժողովուրդը եւ կանխել նման տնտեսական, քաղաքական եւ ապահովական դժուարին պարագաներ… առ ի պաշտօնէ անշուշտ:

Եթէ միայն կարողանայինք ժողովուրդին ներկայացնել այն տուրքերու ցանկը, որոնք կը գանձուին ռամիկ ժողովուրդէն, արդէն իսկ պիտի փշաքաղուէին մեր մարմինները եթէ ոչ՝ կքէին անոնց ծանրութեան ներքեւ: Եւ տակաւին՝ մինչև այսօր, մեր ընտրեալ 545-ները, տքնաջան կ’աշխատին նորանոր տուրքերու, օրէնքներու ստեղծման և սահմանումներու վրայ: Նախագահ Ճէքսըն իր ճառերէն մէկուն մէջ յայտարարած էր. «վայ եկեր է այս երկրին, եթէ անոր օրէնսդիրները փաստաբաններ ըլլան»:

320 միլիոն ժողովուրդին, գոնէ 200 միլիոնը, աղքատ կամ բարեկեցիկ, հլու հնազանդ կը հետեւի այսպէս կոչուած օրէնքներուն. 25 միլիոնը բանտերու մէջ է եւ մենք կը կերակրենք զանոնք. միւս 75 միլիոնը կ’ապրի կառավարութեան հաշուոյն (այսինքն, նորէն մեր հաշուոյն, մեր վճարած տուրքերով). իսկ վերջին 20 միլիոնը կ’ապրի ինքն իր հաշուոյն, բառին բուն իմաստով՝ ազատ, սանձարձակ, առանց ենթարկուելու որեւէ օրէնքի կամ որեւէ մէկուն հաշիւ տալով:

Զարմանալիօրէն` ժողովուրդը տակաւին կը լռէ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ