Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Դոկտ. Հրանդ Աճէմեան պարգեւատրուեցաւ «Ս. Սահակ- Ս. Մեսրոպ» Շքանշանով

 

Կիրակի, 19 Յունիս 2016-ին, Պըրպէնքի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ շքանշանի տուչութիւն: Օրուան մեծարեալն էր գաղութիս հանրածանօթ մտաւորական, ուսուցիչ եւ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ` Դոկտ. Հրանդ Աճէմեան:

Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի բարեջան Առաջնորդ` Բարձրաշնորհ Յովնան Արք. Տէրտէրեան ունեցած էր ազնիւ գաղափարը, դիմելու Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, որպէսզի ան Դոկտ. Հրանդ Աճէմեանին շնորհէր «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանը:

Արդարեւ, խուռներամ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Պըրպէնքի եկեղեցւոյ հովիւ` Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան:

Խորանին կը ծառայէին բազմաթիւ սարկաւագներ եւ դպիրներ։ Եկեղեցւոյ դասին մէջ ներկայ էին արքեպիսկոպոսներ` Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Վաչէ Արք. Յովսէփեան եւ Եփրեմ Արք. Թապագեան, ինչպէս նաև Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան եւ Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ հովիւ` Հայր Անտոն Նորատունկեան:

«Հայր մեր»էն առաջ, Յովնան Սրբազան խորանին առջեւ հրաւիրեց Դոկտ. Հրանդը եւ անոր ազնուափայլ տիկինը`Տիկ. Ատրինէն: «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակը բերուեցաւ խորան: Հայր Տաճատ Ծ.Վ. Եարտըմեան կարդաց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին սրբատառ Կոնդակը, որմէ ետք Յովնան Սրբազան Դոկտ. Աճէմեանին լամբակին անցուց «Ս. Սահակ-Ս.

Մեսրոպ» շքանշանը, որուն մանրակերտը անցուց նաեւ մեծարեալի կնոջ լամբակին:

Յովնան Արք. Տէրտէրեան, հակիրճ եւ իմաստալից ճառ մը խօսեցաւ եւ շնորհաւորեց օրուան մեծարեալը: «Դոկտ. Հրանդ Աճէմեան, իր երկարամեայ ուսուցչական ասպարէզէն ներս, մատղաշ հայորդիներուն սիրտերուն մէջ ցանած է հայ գիրին ու գրականութեան սէրը: Այս բոլորին կողքին, ան ցարդ

հրատարակած է բազմաթիւ գիրքեր, որոնցմով իր ճիտին պարտքը տուած է հայ գրականութեան անդաստանին», եզրակացուց Սրբազան Հայրը:

Ապա, Եփրեմ Արք. Թապագեան իր կարգին, յիշեց Դոկտ. Հրանդին հետ իր ունեցած երկարամեայ բարեկամութիւնը, որ Անթիլիասի կաթողիկոսարանի դպրեվանքի օրերէն ի վեր տակաւին կը շարունակուի:

Յիշեց նաեւ, թէ ինչպէս անոնք միասնաբար ծառայած են հայ համայնքի կարիքներուն Իրանի մէջ: Սրբազանը մասնաւորաբար գովեց Դոկտ. Հրանդին համեստութիւնը եւ ազնիւ ու բարի նկարագիրը: «Դոկտ. Աճէմեան

եղած է եւ կը մնայ գրականութեան նուիրուած մտաւորական մը, որ տակաւին արտադրելիք շատ պաշար ունի», ըսաւ սրբազան հայրը:

Սուրբ պատարագի աւարտին, հաւատացեալները ուղղուեցան եկեղեցւոյ «Արմէն Համբար» սրահը, ուր տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն մը, որու ընթացքին դարձեալ խօսք առին Յովնան եւ Եփրեմ Սրբազան Հայրերը եւ ջատագովեցին Դոկտ. Հրանդին բազում արժանիքները:

Հուսկ խօսք առաւ օրուան մեծարեալը: Յատկապէս յուզուած, Դոկտ. Աճէմեան երախտագիտութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն` Յովնան Արք Տէրտէրեանին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Լոս Անճելըսի հայ մամուլին, որ միշտ իր սիւնակները լայն բացած է իր առջեւ, ինչպէս նաեւ իր կնոջ Ատրինէին, որ միշտ նեցուկ եղած է իրեն:

Դոկտ. Աճէմեանին մօտիկ բարեկամները, բոլորն ալ մէկ առ մէկ շնորհաւորեցին մեծարեալը եւ անոր մաղթեցին առողջութիւն եւ երկար կեանք:

Տէրունական աղօթքով փակուեցաւ հիւրասիրութիւնը:

 

Անթուան Գարամանլեան 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ