Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Էդուարդ Նալպանտեան Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի յաջորդ դեսպա՞ն

Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթէչեան, որ այս ամիս կը դառնայ 75 տարեկան, շուտով հանգստեան պէտք է կոչուի։ Ան քանիցս փորձած է թողուլ իր պաշտօնը, սակայն համոզած են, որ մնայ, որովհետեւ, կ՚ըսուի թէ, այդ պաշտօնը վերապահուած է ներկայի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանին եւ ան նորէն Ֆրանսա պիտի գործուղղուի։ Նշենք, որ նոր Սահմանադրութեամբ աւելի պիտի կարեւորուի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնը։

Նալպանտեան պիտի չշարունակէ իր գործունէութիւնը որպէս արտաքին գործոց նախարար, եւ այս պահուն կը տրուին արտաքին գործոց նախարար – փոխվարչապետի պաշտօնի քանի մը թեկնածուներու անուններ, որոնցմէ ամէնէն հաւանականը Վիգէն Սարգսեանն է։

Միւս կողմէ, Յուլիս 5-ը տօնական էր Հայաստանի մէջ։ Նշուեցաւ Սահմանադրութեան օրը պաշտօնական հրապարակային միջոցառումներով։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ