Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Ժողովուրդին, Եկեղեցիին Եւ ՌԱԿ-ի Նուիրեալ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան Համօ Մոսկոֆեան

Տարիներ շարունակ այս ազնուական ընտանիքի մեծ հայր, ՌԱ Կուսակցութեան ատենապետ, ղեկավար Նահապետ Նահապետեանին հետ բազմաթիւ հանդիպումներ կ’ունենայինք, քաղաքամայր Երեւանի «Արմենիա» հիւրանոցին մէջ: Յաճախ ընտանեօք հանդերձ, Արժանթինահայութեան պատուաւոր ղեկավարներու պատուիրակութեանց հետ, կտրել-անցնելով Ատլանտեանն ու Միջերկրականը, միշտ ներկայ էին Պուէնոս Այրէսի Նահապետեանները՝ Մայր Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած բոլոր իրադարձութեանց:

Կեանքը միշտ անակնկալներ կը վերապահէ մեզի…: Որպէս լրագրող տարիներու երազանքս իրականացաւ, երբ վերջերս շաբաթով մը այցելեցի Լատինական Ամերիկայի թէ Սփիւռքի լաւագոյն եւ ամէնէն կազմակերպուած գաղութներէն մէկը՝ Պուէնոս-Այրէս. 18 ժամեայ թռիչքը իր բոլոր դժուարութիւններով մոռացութեան մատնուեցաւ, երբ օդակայանին մէջ մեզի դիմաւորեց միշտ ժպտադէմ ու բարեհամբոյր Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան, որ իր բոլոր կարելի միջոցներով օգտակար պիտի դառնար, որպէսզի մեզի համար «պատմական» լրագրողական առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակուէր:

Պուէնոս-Այրէսի «Արմենիա» հռչակաւոր փողոցը, որ իսկապէս փոքր Հայաստան կը համարուի, անցեալ դարու սկիզբէն, մասնաւորաբար Մեծ Եղեռնէն եւ Ալեքսանտրէթի «Սանճագ»ի պարպումէն ետք, այս հիւրընկալ երկիրը ապաստանած հայերուն եւ Արժանթինի բազմազգ բնակչութեան կողմէ ունի յիշարժան կառոյցեր:

1931-ին կառուցուած Ազգային Առաջնորդարանին, եկեղեցիին ու դպրոցին կողքին, մեծ բարերար Ալեք Մանուկեանի նախաձեռնութեամբ վեր բարձրացած է «Սարդարապատ» ՌԱԿ կեդրոնը, ուր լոյս կը տեսնէ նոյնանուն «Սարդարապատ» շաբաթաթերթը՝ Տիանա Տէր Կարապետեանի խմբագրութեամբ, միաժամանակ տեղի կ’ունենան ցուցահանդէսներ, մշակութային հանդիպումներ, դասախօսութիւններ, դէմ-հանդիման գտնուող ՀԲԸՄ-ի շքեղ կեդրոնատեղիի ղեկավարութեան հետ, ինչպէս միշտ եղած է անցեալին:

Կարելի է յստակօրէն նկատել այն յարգանքն ու պատիւը, որ կը վայելէ այժմ արդէն ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընտրուած Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան՝ գաղութի թէ պետութեան մօտ: Ան կ’աշխատի նաեւ Արժանթինի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան յանձնաժողովներու մէջ, որպէս ղեկավար, պետական արհեստավարժ գործիչ: Բազմաթիւ բռնատիրութիւններ տեսած «արծաթեայ» Արժանթին, հակառակ իր անսահման բնական հարստութիւններուն ու ռազմավարական դիրքին՝ միշտ ենթարկուած է գեր-տէրութիւններու կողմէ յարձակումներու, դաւերու, պետական թէ ռազմական յեղաշրջումներու, հազարաւոր քաղաքական բանտարկեալներով: Սակայն այսօր երկիրը յաղթահարելով ֆինանսական դժուարութիւնները ոտքի կը կանգնի, միաժամանակ պաշտպանելով իր քաղաքացիին, մասնաւորաբար ծագումով հայերու բոլոր մարդկային եւ ազգային իրաւունքները:

Հռոմի Սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստան այցելութեան մէջ, մեծ է նպաստը Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի, որ բարեկամական յարաբերութիւններ կը պահպանէր իսկապէս ապրող ու գործող Սուրբ, այս եկեղեցական  արտակարգ անձնաւորութեան հետ, որ Արժանթինի հայոց ջերմ բարեկամն էր ու հիացողը՝ հայ քրիստոնեայ եկեղեցուոյ անցեալով ու հայոց մշակոյթով: Հայոց սրբազան հողին վրայ իսկ, Սերխիօ Նահապետեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Սրբազան Պապին, ընդունելով հայրական օրհնութիւնը եւ շնորհակալութիւնը՝ իր այցելութիւնը մեծ յաջողութեամբ կազմակերպելու համար:

Նկատի առնելով, որ ՌԱԿ-ի նորընտիր ատենապետը այդ խիստ պատասխանատու պաշտօնը ստանձնեց կուսակցութեան համար դժուարին օրերուն:

«Արժանթինի մէջ եղած է ու պիտի մնայ ՌԱԿ-ը, իր կառոյցներով, միշտ կամուրջները ամուր պահելով ՀԲԸՄ-ի եւ դաշնակից ու գաղափարակից բոլոր միութիւններու եւ կուսակցութեանց հետ: Ճիշդ է, որ առաքելութիւնս դժուար է, սակայն ջանք ու ճիգ պիտի չխնայեմ միաւորելու մեր սիրելի կուսակցութիւնը», հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին յայտնեց այս ազնիւ, հայ ժողովուրդին, եկեղեցիին ու կուսակցութեան անվերադարձ նուիրեալ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան:

 

 Նիւթի  աղբիւր ՝ RAG Mamoul.net

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ