Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2024

Շաբաթաթերթ

Ահաբեկչութիւն Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ. Կան 80 զոհեր եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ

Ծանր ահաբեկչութիւն մը  գրանցուած է  ֆրանսական Նիս քաղաքին մէջ, երբ    բեռնատար կառք մը       ուղղուած է       քաղաքի  կեդրոնը հաւաքուած բազմութեան  մը վրայ:   Դէպքը  կատարող  ահաբեկիչը  սպաննուած է ոստիկանութեան  կրակներով: Կը հաղորդուի, որ  մինչեւ այս պահը  զոհերուն թիւը  հասած է  80-ի   իսկ վիրաւորեալներունը՝  130-ի:  Ըստ    տեղական աղբիւրներու  զոհերուն  թիւը կրնայ յաւելեալ  բարձրացում  գրանցել: Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ  անմիջապէս մեկնած է    արտակարգ իրավիճակներու    յատուկ գրասենեակ մօտէն  հետեւելու դէպքի  զարգացումներուն: Հոլլանտ աւելի ուշ յայտնած է, որ      դէպքի վայր պիտի  այցելէ  զօրակցելու  տեղի քաղաքացիներուն: Վարչապետ Մանուէլ Վալս իր կարգին  ուղղուած է  դէպի Նիս քաղաք: Ահաբեկչութիւնը տեղի  ունեցած է , երբ  քաղաքացիներ Նիսի  մէջ  միասին կը տօնախմբէին      ֆրանսայի  14 Յուլիսի       ազգային    տօնը:  Նշենք, որ դէպքը  տեղի ունեցաւ     ֆրանսայի  նախագահի  երկրին մէջ  պարէտային ժամի  յաւելեալ  3 ամիսով  երկարաձգման մասին կատարած յայտարարութիւնէն ժամեր  անց: 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ