Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի արեւմտահայերէնի ամառնային աշխատանոցը

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը շաբաթ մը տեւղութեամբ աշխատանոց մը կը կազմակերպէ, արեւմտահայերէնի իւրացման հարցերուն շուրջ։ Այս աշխատանոցը Բաժանմունքի հեռանկարային առաջնահերթութիւնը հանդիսացող արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագրի ծիրին մէջ կ’արձանագրուի։ Հաւաքին նպատակն է շօշափելի արդիւնքներ սահմանել եւ զանոնք իրականացնելու պարտականու­թիւնն ունեցող խմբակներ ստեղծել։

Նախաձեռնութիւնը ծագում առաւ Դաստիարակչական նորարարութիւններ. 21րդ դարուն արեւմտահայերէնի դասաւանդման մարտահրաւէրները գիտաժողովէն, որ կայացաւ 2015ին Փարիզի մէջ, INALCOի հետ համագործակցութեամբ։

Հայկական Բաժանմունքին յանձնառութիւնն է՝ իր ծրագիրները զարգացնելու եւ կիրարկելու ուղղութեամբ աշխատող մասնագէտներու հետ գոր­ծակցիլ։ Առ այդ՝ Բաժանմունքը 41 հոգի հրաւիրած է, մեծամասնութեամբ դաստիարակչական մարզին մէջ արեւմտահայերէնով զբաղողներ, որոցմէ 15ը Փարիզի գիտաժողովին ներկայ էին։ Ամէն մէկը իր ուրոյն փորձառութիւնը բերելու հրաւիրուած է եւ բոլորը պատրաստ են միասին աշխատելու, զարգացնելու համար լեզուի դասաւանդման նորարար ձեւեր։

Արեւմտահայերէնի փոխանցումը այսօր իրօք լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Հայախօս Սփիւռքը իր տրամադրութեան տակ եղող դպրոցներու եւ ուսուցիչներու կողքին՝ պէտք ունի լեզուի իւրացման նորարար մեթոտներու, ժամանակակից չափանիշներով պատրաստուած հրատարակութիւններու, ինչպէս երեխաներուն եւ պատանիներուն ուղղուած իւրայատուկ թարգմանական գրականութեան մը։ Պէտք ունի նաեւ դաստիարակչական նոր գործիքներու եւ դպրոցական այժմէացած ծրագիրներու, որոնց մէջ ընդգրկուած ըլլլան գեղարուեստը, երաժշտութիւնը եւ թատրոնը։ Ու վերջապէս՝ կայքէջ մը պատ­րաստելու անհրաժեշտութիւնը կը զգա­ցուի, հնարաւոր դարձնելու համար Սփիւռքի մէկ համայնքէն միւսը՝ ցանցի մը ստեղծումը եւ յաջող մօտեցումներու շուրջ փոխանակութիւնը։

Աշխատանոցին մասնակիցները պիտի սկսին պարապիլ այդ ուղղութեամբ։ Շեշտը պիտի դրուի սփիւռքեան պայմաններուն մէջ արդէն իսկ փաստուած նոր մօտեցումներուն վրայ։ Աշխատանոցը նպատակ չունի ուսուցիչ պատրաստող ծրագիրները փոխարինել։ Կ՚ուզէ յաւելեալ մօտեցումներ զարգացնել։ Պիտի չբաւարարուի հարցերը վերլուծելով։ Շօշափելի լուծումներ պիտի առաջարկէ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ի նպաստ։

Աշխատանոցը առիթ մը պիտի ըլլայ նաեւ որպէսզի մասնակիցները իրարու միջեւ ուժեղ հաղորդակցական կապ մը պահպանեն ապագային, որուն հիման վրայ պիտի կարենան նաեւ իրենց տարբեր համայնքներուն մէջ շարունակել հոս սկսուած գործը։

Աշխատանոցը տեղի կ’ունենայ Փորթուկալի մէջ, Յուլիս 9-էն 17։

Բաժանմունքը կ’ուզէր մասնակիցներու բազմատարրութիւնը ապահովել, ու վստահ ըլլալ որ Սփիւռքի տարբեր համայնքները հաւասարակշիռ կերպով ներկայացուած են։ Մասնակիցներու 74 առ հարիւրը իգական սեռէ են, ինչ որ կը ցոլացնէ մանկավարժական մարզէն ներս սեռերու համեմատութիւնը։ 26 %ը 30 տարեկանէն վար են, 41 %ը՝ 30ի եւ 40ի միջեւ, 33 %ը՝ 40էն վեր։ Մասնակիցներէն շատերը տարբեր հանգամանքներով ծանօթ են։ 12 %ը հա­մա­լ­սարաններու մէջ կ’աշխատին (Փարի­զի INALCOն, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը, Լոս Անճելոսի UCLA-ն)։ 67 %ը ուղղակի կամ անուղղակի դաստիարակչական մարզին հետ կապ ունին։ 38 %ը ղեկավար դիրքեր կը գրաւեն։ 36 %ը գիրի, երաժշտութեան, թատրոնի, ինչպէս մասնայատուկ խնամքի եւ թուային արհեստագիտութեան մասնագէտներ են։

Աշխատանոցի մասնակիցներն են ՝

Ֆրանսայէն՝ Յասմիկ Շահինեան, Անահիտ Տօ­նա­պետեան, Մելինէ Ղազարեան, Ժիրայր Չոլաքեան, Շուշան Քերովբեան, Մարալ Քերովբեան, Սօսէ Մնակեան, Անոյշ Մխսեան, Ծովինար Մկրտիչեան, Անահիտ Սարգիսեան. Պելճիքայէն՝ Ժանէթ Յովհաննիսեան, Շողեր Մարկոսեան. Յունաստանէն՝ Մարալ Քիւրքճեան. Փորթուկալէն՝ Վահան Քերովբեան. Լիբանանէն՝ Անգը Պաթայնէ, Շանթ Տէմիրճեան, Նէլլի Գոմոլեան, Թալին Օրտողլեան, Յակոբ Եագուպեան. Թուրքիայէն՝ Նաթալի Պաղտատ-Թուրաչ, Սեւան Տէյիրմենճեան, Գայիանէ Կավրիլօֆ, Մարալ Հերկել-Էօզտաղ, Արուսեակ Գոչ-Մոնէ, Նարոտ Գուրուղօղլու, Մարալ Էպէօղլու-Սաթար, Միացեալ Նահանգներէն՝ Քրիս Պետեան, Վահէ Պէրպէրեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Էյմի Հիւզ, Շուշան Կարապետեան, Սիլվա Մեսրոպեան, Սէրուժ Ուրիշեան, Սա­նան Շիրի­նեան, Գանատայէն՝ Լորի Ապրաքեան, Յասմիկ Ինճէճիկեան, Սոնիա-Սանան Քիլէճեան, Հայաստանէն՝ Քրիստիան Բատիկեան, Նայիրի Խաչատուրեան, Գեւորգ Փալանջեան, Սեւանա Չագրեան: Աշխատանոցի պատասխանատուն է՝ Անի Կարմիրեան, օժանդակութեամբ Անի Գուլեանի:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ