Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի աթոմական կայանի նախկին տնօրէնութիւնը պետութեան մեծ վնասներ պատճառած է

Հայաստանի  աթոմական կայանի  նախկին  տնօրէնութիւնը   պետութեան  մեծ վնասներ պատճառած է: Այս  մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) քննչական վարչութիւնը  յայտնելով, թէ  աւարտած է «Հայկական ատոմային ելեկտրական կայան» ՓԲ ընկերութեան մէջ գնումներու կազմակերպման գործընթացին մէջ արձանագրուած չարաշահումներու դէպքի առթիւ  յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը:Նախաքննութեամբ պարզուած է, որ «Հայկական ատոմային ելեկտրական կայան»  ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Գ. Մարկոսեանը, նոյն ընկերութեան վաճառքի տնօրէն Ռ. Մովսէսեանը, ֆինանսներու եւ տնտեսութեան գծով գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Մ. Մովսիսեանը եւ վերանորոգման, նախապատրաստման եւ կարգաւորման բաժնի պետ, գնումներու գործընթացի պատասխանատու ստորաբաժանման  ղեկավար Է. Ղազարեանը, ստեղծելով կազմակերպուած յանցաւոր խումբ եւ օգտագործելով իրենց պաշտօնէական դիրքը, կատարած են առանձնապէս խոշոր չափերով յափշտակութիւն` պետութեան պատճառելով էական վնաս:Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ ձեռնարկուած քննչական միջոցառումներու արդիւնքով յանցագործութիւնը բացայայտուած է, իսկ ատով պետութեան պատճառուած 783 միլիոն 586 հազար դրամի չափով վնասը ամբողջութեամբ հատուցուած է: Քրէական գործը մեղադրական  եզրակացութեամբ ուղարկուած է դատարան:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ