Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Կարօ Փայլան Լոնտոն պիտի այցելէ

Թուրքիոյ  խորհրդարանի  հայազգի անդամ Կարօ  Փայլան  (HDP) ելոյթ   պիտի ունենայ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ: Այս  մասին այսօր գրած է «Արեւելք»  կայքը:  Աղբիւրը  նաեւ  հաղորդած է , որ Փայլան   Լոնտոն  պիտի ժամանէ   յառաջիկայ  կիրակի  օր  եւ անոր պիտի ընկերակցին  թուրք եւ  քիւրտ   աքթիւիսթներ  եւ իրաւապաշտպաններ:   Նշենք, որ Փայլանի  կողքին նոյնպէս  ելոյթներով հանդէս պիտի գայ Տիարպէքիր   ապրող քիւրտ յայտնի իրաւապաշտպան   Մուհարրէմ  Էրպէյ եւ   երկու գործիչները  համատեղ   ելոյթներ պիտի ունենան   հայ, քիւրտ եւ թուրք լսարաններու առջեւ:  Տեղի ունենալիք միջոցառումները կազմակերպուած են  Լոնտոնի մէջ  գործող «Կոմիտաս հիմնարկ»ին կողմէ, որուն   որպէս գործընկեր միացած է   քրտական   «Peace in Kurdistan»       հիմնարկը: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ տարածքին  տարբեր միջոցառումներ  իրականացուցած «Կոմիտաս հիմնարկ»ը ներկայիս  ապահովական   մտավախութիւններով  Թուրքիոյ  մէջ դադրեցուցած է իր  նախաձեռնութիւնները եւ     այդ պատճառով ներկայ հանգրուանին    յարմար նկատած է  նման շահեկան նախաձեռնութիւն մը իրականացնել   Անգլիոյ մէջ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ