Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիոյ երէկուան դէպքերուն զոհերուն թիւը հասած է 90-ի

Երէկ  Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած դէպքերու աւարտին  ձերբակալուած են  են 754 զինուորականներ, որոնք փորձած են երկրին մէջ յեղաշրջում կատարել: Անոնք բոլորը զրկուած են իրենց կոչումներէն: Կը հաղորդուի, որ երկրին մէջ յեղաշրջման փորձէն ետք 5 զօրավար եւ 29 գնդապետ ազատուած են իրենց աշխատանքէն: Թրքական   «Տէյլի Սապահ»ին հաղորդմամբ   զոհուած են 90    անձեր  եւ կան1154 վիրաւորներ:  Յիշեցնենք, որ այս գիշեր Թուրքիոյ մէջ մի խումբ զինուորականներ ռազմական յեղաշրջման փորձ իրականացուցին: Անգարայի եւ Պոլսոյ փողոցներ դուրս բերուեցան ռազմական սարքեր, լսուեցան կրակոցներ եւ պայթիւններ:  Նախագահ Էրտողանի կոչէն ետք կողմնակիցները դուրս եկան փողոց: Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ յեղաշրջման փորձը տապալած է եւ  յեղաշրջումին գլխաւոր հեղինակ համարուող  նախկին զինուորական Մոհհարամ  Քէօսէն        անձնատուր  եղած է:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ