Ամերիկան բաժնուած չէ քաղաքական եւ ցեղային պատկանելիութեամբ, ինչպէս կրնայ թուիլ։ Տալասի մէջ զոհուած ոստիկաններու հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին յայտարարած է նախագահ Պարաք Օպամա։Միացեալ Նահանգներու նախագահին խօսքերով, ամերիկացիները կը պայքարին ատոր դէմ։ «Ես այստեղ եմ, որպէսզի ըսեմ, որ մենք պէտք չէ յուսահատինք։ Ես կը պնդեմ, որ մենք պառակտուած չենք, ինչպէս կրնայ թուիլ», ըսած է ան։