Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ արտաքին առեւտուրը՝ 536 միլիոն տոլար

Հայաստանի արտաքին առեւտուրի գլխաւոր գործընկերոջ՝ Ռուսիոյ հետ, Հայաստանի առեւտրական շրջանառութեան ծաւալը աննախադէպօրէն գերազանցած է այս տարի, նոյնինսկ անցնելով 2012 թուականի արդիւնքին 14 միլիոն տոլարով եւ կազմած 536 միլիոն տոլար։Նշենք, թէ շուրջ երեք տարի, Հայաստան-Ռուսիա առեւտրական շրջանառութիւնը անկում կրած էր եւ ամէնէն մեծ նահանջը անցեալ տարի էր։Այս դրական ցուցանիշը ուղղակիօրէն կապուած է Ռուսիոյ տնտեսութեան հետ։ Ռուս-ուքրաինական հակասութիւններուն հետեւանքով, շահած է Երեւանը։ Համեմատելով այս տարուան առաջին հինգ ամիսներու ցուցանիշը 2015-ի նոյն հինգ ամիսներուն հետ, արտահանումը դէպի Ռուսիա կրկնապատկուած է, գերազանցելով 132 միլիոն տոլարը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ