Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

«Հայաստան. Ստեղծենք միասին» երիտասարդական առաջին հաւաք

Այս օրերուս, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, ՀԲԸՄ-ի, «Լոյս» եւ «Այբ» հիմնադրամներու հետ համագործակցութեամբ Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Հայաստան. Ստեղծենք միասին» առաջին երիտասարդական հաւաքը։Յուլիս 12-ին, մասնակիցները այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, եւ ցեղասպանութեան թանգարան, որմէ ետք մեկնարկած է «Հայկական շահերու պաշտպանութիւն եւ միտիա» խումբին երկրորդ նիստը՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. 100 տարի անց» թեմայով։ Ելոյթ ունեցած են պատմաբաններ, կառավարական դէմքեր, երիտասարդներ։Նոյն օրը, առաջին երիտասարդական հաւաքի «Ինժենիրիա եւ նոր տեխնոլոգիաներ» խումբի անդամները այցելած են «Այբ» դպրոց։ Ելոյթ ունեցող դասախօսներու եւ գործարարներու կողքին, «Այբ» դպրոցին ծրագիրները ներկայացուցած է դպրոցին տնօրէնը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ