Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Տոնալտ Թրամփ Սատտամ Հիւսէյնի մասին…

Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածու հանրապետական Տոնալտ Թրամփ գովաբանած է Իրաքի նախկին ղեկավար Սատտամ Հիւսէյնի ղեկավարելու ոճը։ Վատ տղայ էր ան, ըսելէ ետք, Թրամփ նշած է, որ ան ահաբեկիչները կը սպաննէր հիանալի կերպով։ «Ես սկիզբէն ըսած եմ, որ պատերազմը սխալ էր։ Պուշը եւ Օպաման պէտք է ներողութիւն խնդրեն», ըսած է Թրամփ։Թրամփի մեկնաբանութիւնը զարմացուցած է ԱՄՆ-ի մօտ  Իրաքի նախկին դեսպան Լուքմէն Ֆէյլին։ «Որպէս դիւանագէտ, ես կը փորձեմ չխառնուիլ այս բոլորին, սակայն, որպէս իրաքցի եւ Սատտամի ցեղային զտումներու զոհ, կ՚առաջարկէի փաստերով խօսիլ», նշած է ան։Բնականաբար, Թրամփի մրցակից դեմոկրատ թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի նախընտրական կեդրոնէն նոյնպէս հնչած են քննադատութիւններ Թրամփի հասցէին։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ