Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Տալասի ոճրային արարքը ո՞ւր կը տանի Ամերիկան

Անցնող Հինգշաբթի օր, Թեքսասի Տալաս քաղաքին մէջ խաղաղ ցոյցի ընթացքին անակնկալօրէն կրակ բացուեցաւ ոստիկաններու դէմ,  սպաննելով անոնցմէ հինգը եւ վիրաւորելով եւս վեց հոգի։ Ցնցուած է Միացեալ Նահանգները, ուր ենթադրաբար սեւի եւ ճերմակի տարբերութիւնները վաղուց պէտք է անցեալ դարձած ըլլային։ Ամէն տարի հարիւրաւոր անձեր զոհ կ՚երթան ոստիկաններու կողմէ ոչ միշտ արդար կրակոցներու եւ կը մահանան։ Վերջին երկու օրինակները պատահեցան վերջերս Լուիզիանա եւ Մինեսոթա նահանգներուն մէջ, որուն որպէս բողոք խաղաղ ցոյց կ՚ընթանար Տալասի մէջ, երբ վեթերան զինուոր Միքա Ճոնսըն, 25 տարեկան, կրակ բացաւ սպաննեց հինգ անմեղ ոստիկաններ եւ վիրաւորեց վեց ուրիշներ։Նախագահ Օպամա Հինգշաբթի օր այդ պահուն կը գտնուէր Վարշաւիա, Լեհաստան, մասնակցելով ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովին։ Հոնկէ իր ցաւակցութիւնը յայտնելով, ըսած էր, որ ստոր գործողութիւն է եղածը եւ որեւէ արդարացում չունի։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ