Յուլիս 9-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ “Yerevan Color Run” անունը կրող երկրորդ բարեգործական մարաթոնը։ Առտու կանուխ տրուած է մեկնարկը Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի շրջակայքէն, անոնք անցած են Մոնթէ Մելքոնեան պողոտայէն իրարու վրայ փոշեներկեր լեցնելով։ Վազքուղիին ընդհանուր երկարութիւնը 5 քիլոմեթր էր։Շուրջ 1500 հոգի մասնակցած է մրցումին, անցեալ տարուան հազարին դիմաց։ Յաղթած է վեց հոգի՝ երեք աղջիկ եւ երեք տղայ։Տասնչորս տարեկանէն վեր եղողներ կրնային մասնակցիլ բարեսիրական նպատակներ հետապնդող այս «մարաթոնին»։ Մասնակցութեան նուիրատուութիւնը չորս հազար դրամ էր։ Դրամահաւաքին նպատակն էր օգնել Գիւմրիի անօթեւան երեխաներուն։