Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Կիրակի 17 Յուլիս 2016-ի առաւօտեան Երեւանի Ոստիկանական մէկ կեդրոնին վրայ խումբ մը զինեալներու գործած յարձակումը:
Տարածաշրջանի ապահովական եւ պատերազմական ամենավտանգաւոր զարգացումներու այս օրերուն, Թուրք-Ազրպէյճանական կողմին՝ Հայրենիքին եւ Արցախին սպառնացող վտանգներուն առջեւ եւ Արցախի հարցով բանակցութիւններու վտանգաւոր այս հանգրուանին կատարուած նման անպատասխանատու արկածախնդրութիւն մը աւելի քան դատապարտելի է մինչ անոր հետեւանքները անդարմանելի վնաս կրնան հասցնել Հայրենիքի ներքին ապահովութեան եւ դժուար վիճակ դիմագրաւող տնտեսութեան:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը հաւատայ, որ ներկայ հանգրուանը կը կարօտի համահայկական ուժերու գերլարումի եւ ո՛չ նման քաղաքական թէ այլ արկածախնդրութեան եւ այս առումով իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայրենի պետականութեան:
Ամէն պարագայի հիմնուելով իր դաւանանքին եւ սկզբունքներուն վրայ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը դատապարտէ քաղաքական թէ ընկերային փոփոխութիւններ յառաջ բերելու պատճառաբանութեամբ տարուած ահաբեկչական կամ զինեալ որեւէ գործողութիւն եւ կը հաւատայ, որ ի պահանջեալ հարկին միայն ժողովրդավարական եւ քաղաքակիրթ միջոցներով է, որ նման նպատակ մը կարելի է հետապնդել:
Վերջապէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր աշխարհասփիւռ անդամակցութեան անունով կը ցաւակցի այս դէպքին զոհ գացած Հայ ոստիկանին ընտանեկան պարագաներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն:
Ատենապետ ՝ Ատենադպիր
Սէրխիօ Նահապետեան Սեւակ Յակոբեան