Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Էրէբունիի տագնապը կը շարունակուի (Մանրամասնութիւններ)

Երկրորդ օրն ըլլալով հանրութեան «Սասնայ ծռեր» անունով ներկայացած խմբակը կը շարունակեն պատանդ պահել Էրէբունի ոստիկանական կեդրոնին մէջ եղող զինուորները: Երէկ , ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տարածած հաղորդագրութեամբ կը նշէր, որ կատարուած յարձակման հետեւանքով ապօրինի ազատազրկուած անձերուն կեանքը եւ առողջութիւնը կը շարունակէ վտանգուած մնալ: Արդէն իսկ քանի մը յանցանք կատարած եւ իրենց տրամադրութեան տակ մեծ քանակի զէնք ու ռազմամթերք ունեցող ահաբեկիչները ակնյայտ եւ անմիջական վտանգ կը ներկայացնեն ոչ միայն պատանդներուն, այլեւ հանրութեան համար: Աւելի ուշ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացուց, որ Յուլիս 18-ի ընթացքին ՀՀ ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի տարածքին գտնուող անձիք ապահովուած են սնունդով, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ դեղորայքով: Ուշ երեկոյեան «Ոչ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները եւ այլ ցուցարարներ Երեւանի կեդրոնին մէջ երթ իրականացուցին, ապա նստացոյց սկսան Մաշտոց եւ Թումանեան փողոցներու հատուածին մէջ: Անոնք կը պահանջեն ազատ արձակել երէկ Ազատութեան հրապարակէն բերման ենթարկուած քաղաքացիները: Համոզուելով, որ երթի մասնակիցները ազատ արձակուած են, անոնք քալած են դէպի Ազատութեան հրապարակ: Աւելի ուշ մօտ հարիւր ցուցարարներ երթով շարժուած են դէպի Խորենացի փողոց: Այստեղ անոնց դիմաւորած են ոստիկանական շղթան: Ոստիկանները եղած են սաղաւարտներով եւ մահակներով զինուած: ՀՀ փոխոստիկանապետ Յունան Պօղոսեան յայտարարած է, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին, «փոխզիջումներու երթալու տարբերակը պէտք է ըլլայ երկուստէք»: Նախօրէին եւս ոստիկանութիւնը շարունակած է Խորենացի փողոցէն եւ Ազատութեան հրապարակէն մարդոց բերման ենթարկել, որոնց մէկ մասը բռնութեան ենթարկուած են եւ տեղափոխուած հիւանդանոց: Ոստիկանութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կոչ ըրած երթեր չկազմակերպել դէպի յատուկ պահպանուող գօտի: Խորենացի փողոցը առաջուան պէս փակ է: Յիշեցնենք, որ 17 յուլիսի առաւօտեան, զոհուած է մէկ ոստիկան, ՊՊԾ գունդի փոխհրամանատար Արթուր Վանոյեանը, ինչպէս նաեւ վիրաւորուած են երեք ոստիկաններ` ոստիկանութեան գնդապետ Արամ Յովհաննիսեանը, փոխգնդապետ Հրաչ Խոստեղեանը, ոստիկանութեան ենթասպայ Գագիկ Մկրտչեանը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ