Շաբաթ, Դեկտեմբեր 21, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիա ինչո՞ւ կը բարւոքէ կապերը իր հին թշնամիներուն հետ

ԿԵԼԻՓ ՏԱԼԱՅ

 

Վեց տարուան հակամարտութենէ մը ետք, Թուրքիա եւ Իսրայէլ, Յունիս 27-ին համաձայնութեան մը եկան, իրենց փոխադարձ կապերը վերականգնելու համար։

Քանի մը ժամեր ետք, Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով լրագրողներու յայտնեց, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայյիպ Էրտողանէն ստացած էր նամակ մը, ուր անիկա իր «խոր ցաւակցութիւնները» կը յայտնէր ռուս օդաչուին համար, որ սպաննուած էր, երբ անոր օդանաւը վար առնուած էր թուրք-սուրիական սահմանին վրայ։ Նոյն նամակին մէջ Էրտողան կը խոստանար «ամէն կարելին» ընել, իրենց երկիրներուն միջեւ փոխյարաբերութիւնները վերահաստատելու համար։ Իսկ Թուրքիոյ նախագահին բանբերը՝ Իպրահիմ Քալին կը հաստատէր, թէ վերոյիշեալ նամակին մէջ «ներողութիւն» բառը օգտագործուած էր կապակցութեամբ վերոյիշեալ դէպքին, որ պատահած էր 24 Նոյեմբեր 2015-ին։

Այս երկու նախաձեռնութիւնները կը բացայայտեն Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան բարեփոխեալ ընթացքը, որ կը միտի կապերու վերանորոգման՝ հին հակառակորդներու հետ։

 

Արտաքին քաղաքականութեան նոր ընթացքը

 

Վերեւ մատնանշուած նախաձեռնութիւնները կը զուգորդուին, որդեգրումով արտաքին քաղաքականութեան մը, որ կը նպատակադրէ բարեկամներ սիրաշահիլ ու թշնամիներ ողոքել։

Վերոյիշեալ ճիգերը ակնառու դարձան վարչապետ եւ ապա արտաքին գործոց նախարար Տաւուտօղլուի պաշտօնազրկումէն ետք։ Այս վերջինին գործակիցները եւս տեղափոխուեցան աւելի երկրորդական պաշտօններու դիւանագիտական մարզէն ներս։

Տաւուտօղլուի ազդեցութիւնը մեծ էր իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան վրայ։ Անիկա այն համարումն ունէր, թէ Թուրքիա իր այլազան կարելիութիւններով, աւելի լայն դեր մը խաղալու էր միջազգային գործառնութեանց մէջ։ Թուրքիոյ համար միջազգային մեծ դեր մը ունենալու տեսլականը ունէին նաեւ ուրիշներ։ Արդարեւ, քաղաքական իսլամութեան փառասէր նպատակներէն մէկն է շատ աւելի գործունեայ դեր վերցնել համաշխարհային արտաքին քաղաքականութեան մարզէն ներս, մինչ քեմալիսթ աշխարհիկ հասարակարգը աւելի զգուշաւոր էր այս ուղղութեամբ։

 

Իսլամական աւելի ընդարձակ աշխարհ մը

 

1996-97 տարիներուն, Բարեսիրական Կուսակցութիւնը (Welfare Refah Party), անոր առաջնորդ ու վարչապետ Նեքմէթին Էրպաքանի վարչապետութեան օրով, փորձեց նոր ուղղութիւն մը տալ Թուրքիոյ փրօ-արեւմտեան քաղաքականութեան։ Անիկա հետեւողականօրէն շեշտեց անհրաժեշտութիւնը իսլամական երկիրներու քաղաքատնտեսական գործակցութեան, իրագործելու համար զարգացումի բարձր մակարդակ մը, կարենալ ձերբազատուելու համար արեւմտեան տիրապետութենէն։

Այնուհետեւ, 22 Հոկտեմբեր 1996-ին, իր երկրին առաջնորդութեամբ ձեռնարկեց գագաթի հանդիպումի մը կազմակերպութեան Զարգացող Ութ Երկիրներ (D-8) անունին տակ, հետեւողութեամբ մեծերու G-8-ին, որ կը ծառայէր միայն արեւմուտքի տնտեսական ու քաղաքական շահերուն, ի վնաս մնացեալ երկիրներուն, յատկապէս՝ իսլամական աշխարհին։ Վերոյիշեալ D-8-ի անդամները իսլամ մեծամասնութեամբ երկիրներ հին.- Թուրքիա, Իրան, Փաքիստան, Պենկլատէշ, Մալեզիա, Ինտոնեզիա, Եգիպտոս ու Նիկերիա։ Ենթադրաբար, ասոնք մօտէն պիտի գործակցէին մասնաւորաբար տնտեսական, առեւտրական ու ճարտարարուեստի մարզերէն ներս։ Տեսնելով, թէ Թուրքիոյ պիտի չշնորհուէր ձեւով մը պատմական մեծութիւն մը համաշխարհային համակարգէն ներս, Էրպաքան նպատակադրեց հաստատել զուգահեռ միջազգային դրութիւն մը, բնորոշուած իսլամական քաղաքանութեան արժէքներով։

 

Իսլամութեան քաղաքական տեսլականը

 

AKP-ին Թուրքիոյ մէջ, հետամուտ եղաւ աւելի կարկառուն դիրքի հասնելու քաղաքական միջազգային մարզէն ներս, զարգացնելով իսլամական աշխարհի ներքին կապերը։ Անիկա լքեց Ռեֆահ Կուսակցութեան իսլամական դրութիւն մը ստեղծելու ջանքերը, փոխարէնը հետապնդելով աւելի մեծ դեր մը Թուրքիոյ համար միջազգային հասարակարգէն ներս։ Այդ պատճառով ալ Էրտողան շեշտը կը դնէ միջազգային ներկայ դրութեան անարդարութիւններուն վրայ։ Անիկա խստօրէն կը քննադատէ Համաշխարհային Բ. Պատերազմի կարգադրութիւնները, որոնք աղերս չունին ներկայ իրականութեանց հետ։ Այս հետեւողութեամբ ալ կը գործածէ «Աշխարհ աւելի մեծ է հինգ»երէն, այսինքն՝ Մ. Ազգերու Ապահովութեան Խորհուրդի մնայուն անդամներէն։

Թրքական արտաքին քաղաքականութիւնը կարիքն ունի փոփոխութեան ու նոր ուղեծիրի, առանց կապ ունենալու Տաւուտօղլուի մեկնումին հետ։ Ասիկա հետեւանքն է, աւելի, շրջանային ու միջազգային կառոյցներու հիմնական յեղաշրջումին, ապստամբութեանց սայթաքման Արաբական Աշխարհին մէջ, ուր քաղաքական մեծ ներդրումներ կատարած էր Թուրքիա։ Սակայն, անիկա միաժամանակ դիմագրաւեց ներքին մարտահրաւէրներ՝ արդիւնք քրտական հարցի խաղաղ լուծման ձախողութեան, յանգելով զինեալ բախումներու շրջանային բարդութեանց։

Այս պատճառներով, թրքական դիւանագիտութիւնը վերանայումի ենթարկած է իր կապերը Իսրայէլի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Էմիրութիւններուն հետ։ Նշմարելի է նաեւ նախաձեռնութիւն մը դէպի Եգիպտոս։ Նոյնպէս, զսպումի ու վերատեսութեան ենթարկուած են նաեւ փառասէր արտաքին քաղաքականութիւնը ու քաղաքական ներքին մարտահրաւէրները։

Վերոյիշեալ տուեալներու լոյսին տակ, անցեալ Ապրիլին, Իսթանպուլի մէջ գումարուած Իսլամական Գործակալութեան Կազմակերպութեան 13-րդ գագաթի ժողովին արտասանած իր ճառին մէջ, Էրտողան տրամադրութիւն յայտնած է աւելցնելու Թուրքիոյ դաշնակիցները, ու նուազեցնելու՝ իր թշնամիները։ Ասիկա պատահած է Տաւուտօղլուի հրաժարումէն առաջ։

AKP կուսակցութեան անցեալ Մայիս 24-ի ժողովին, նոր վարչապետն (Պինալի Եըլտըրըմ) ալ նոյն սկզբունքը յայտնած է։ Այս յայտարարութիւնները չեն ներկայացներ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ խզում մը, այլ աւելի՛ կառուցողական, եւ ոչ թէ անձնական, դերակա­տա­րային կեցուածք մը։

 

 Թարգմ.՝ Սարգիս Յ. Մինասեան

 

Յօդուածագիր Կելիփ Տալայ վեթերան քաղաքագէտ մըն է թրքական ու քրտական հարցերու մասին «Էլ-Ճեզիրա» թերթի Ուսումնական Կեդրոնին մէջ։ Յօդուածի աւարտին մատնանշուած է, թէ անոր յայտնած տեսակէտները անպայմանօրէն չեն արտայայտեր «Էլ-Ճեզիրա»ի խմբագրութեան տեսակէտը։

Թերեւս կարելի է աւելցնել նաեւ, թէ կատարուած ուշագրաւ ու լուրջ վերլուծումները որքանո՞վ կը ներկայացնեն Թուրքիոյ, այլ մասնաւորաբար Էրտողանի ազգայնական, զգացական ու մեծամիտ հայեացքները կամ քաղաքական նպատակները։

 

Ս.Յ.Մ.

«Էլ-Ճեզիրա», 28 Յունիս 2016

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ