Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2024

Շաբաթաթերթ

Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Հայրապետեան եւ Արժ. Տ. Սերովբէ Քհնյ. Էյլէնճեան անդրանիկ Սուրբ Պատարագը մատուցեցին

Վերջերս թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան թեմէն ներս ծառայող երկու Հոգեւոր Հովիւներու նոր պաշտօններու նշանակումներ կատարեց:

            Սանթա Գլարիթայի Սուրբ Սարգիս Հայց. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Հայրապետեան, որ Հոգեւոր Հովիւը նշանակուած էր Սան Տիէկոյի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ, իր նոր պաշտօնը ստանձնեց Յուլիս 1-ին, իսկ առաջին Սուրբ Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Կիրակի, Յուլիս 10-ին:

Արարողութեանց հանդիսապետեց եւ հանգամանօրէն Պատարագիչ Տէր Հայրը հաւատացեալներուն ներկայացուց Արեւմտեան թեմի Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեան: Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցաւ արարողութեան, որու աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր Ծխական Խորհուրդի անդամներ, Տիկնանց Միութեան անդամներ եւ հաւատացեալները անձամբ ողջունեցին եւ շնորհաւորեցին նորանշանակ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Հայրապետեանը եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեցին իրեն:

            Տէր Հայրը 2008-ին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ արժանացած էր Քահանայական Ձեռնադրութեան եւ Օծման:

***       

Վենթուրա Գաւառի Հայց. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Սերովբէ Քհնյ. Էյլէնճեան, որ Յուլիս 1-ին Յովնան Սրբազանին կողմէ Սանթա Քլարիթայի Սուրբ Սարգիս Հայց. Եկեղեցւոյ նոր Հոգեւոր Հովիւը նշանակուած էր, նոյնպէս Կիրակի, Յուլիս 10-ին իր առաջին Սուրբ Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց:

            Հոգշ. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացնելով, հանդիսապետեց արարողութեանց եւ պաշտօնապէս հաւատացեալներուն ծանօթացուց Պատարագիչ Տէր Հայրը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն: Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ գտնուեցան արարողութեան, որու աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր նոյնպէս Ծխական Խորհուրդի եւ Տիկնանց Միութեան անդամներ եւ հաւատացեալներ առիթը ունեցան անձամբ ողջունելու եւ շնորհաւորելու Արժ. Տ. Սերովբէ Քհնյ. Էյլէնճեանը՝ սրտաբուխ բարեմաղթութիւններ կատարելով:

            Տէր Հայրը 2014-ին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ արժանացած էր Քահանայական Ձեռնադրութեան եւ Օծման:

            Թող Աստուած օրհնէ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցիները նոր Հոգեւոր Հովիւներով եւ հաւատացեալներով:

 

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Պըրպէնք

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ