Միացեալ Նահանգներու օրէնսդրութեան մէջ ամրագրուած է հետեւեալ օրէնքը, ուր կ՛ըսուի, «Անմեղ կը նկատուիս մինչև մեղապարտութեանդ փաստարկումը»: Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հաւանաբար նմանօրինակ օրէնքներ գոյութիւն ունին և մարդիկ կը դատուին ըստ այդ օրէնքներուն: Սակայն, կան «պարագաներ», երբ մարդիկ «մեղաւոր կը հռչակուին» առանց այլևայլումներու և կ՛արգելափակուին մինչև իրենց անմեղութեան հաստատումը, եթէ յաջողին անշուշտ… որևէ միջոցներով:
Այդ «Պարագաներ»-ը ընդհանրապէս ձեռնտու են մեծահարուստներուն, քաղաքական դէմքերուն և գործիչներուն համար, որոնց խօսքը կարծէք պարտադիր օրէնք է, երբ այդ օրէնքը կը պաշտպանէ զիրենք և կը հալածէ հասարակ անօրէնը, գողը կամ ոճրագործը: Կարծէք աշխարհի օրէնք դրուած է այս, աշխարհի ստեղծումէն ի վեր, հակառակ անոր որ բարի մարդիկ ջանացած են հաւասարակշռուած և արդար օրէնքներ յօրինել:
Ժողովուրդը անշուշտ չէ մոռցած Թէքսասի միլիառատէր բնակիչներէն մէկուն դատավարութիւնը, ուր անմեղ հռչակուեցաւ այդ ստոր արարածը, որովհետեւ՝ «ան կը տառապէր հարստութեան հիւանդութենէ»: Լրատուական ընկերութիւնները հազիւ մի քանի վայրկեան կը ծամծմեն նման լուրեր, իսկ ժողովուրդը՝ մի քանի ժամ կամ օր, և այդպէս ալ կը դարանուին անոնք առանց յիշատակութեան:
Կարելի՞ է երեւակայել մեղադրման աւելի անարդար դատավարութիւն: Անշուշտ թէ ԱՅՈ՜. կայ և աւելին՝ պետական մակարդակներով, երբ մեծ տէրութիւն մը կը մեղադրէ փոքրը առանց որևէ ստոյգ պատճառի:
Սուրիոյ մէջ ծայր առած քաղաքացիական պատերազմին ծալքերը ակներև դարձան փաստելու համար, թէ այդ դաւադրութիւն էր և ոչ քաղաքացիական պատերազմ, երբ հրահրիչները արդէն կը խոստովանին և թաքուն զղջումով կը բացայայտեն անոր իսկական պատճառները: Այսօր, արար աշխարհ քաջ իմացած է, թէ Սուրիոյ քայքայումին պատճառը նաւթի ու կազի միջանցքային ճանապարհի տրամադրման պատճառն էր, որ քօղարկուեցաւ ժողովրդավարութեան, արդարութեան, բռնատիրական կարգերու վերացման և կրօնական շղարշներու ներքև: Իսկ հակառակ այս բոլորին, երբ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը, երկարատև քննարկումներէ և փաստարկումներէ ետք անպարտ կը հռչակէ Սուրիական կառավարութիւնը ժողովրդային կոտորածներու և թունաւոր կազերու (սարին) կիրարկումէն, ան մինչև այսօր տակաւին կ՛այպանուի և կը մեղադրուի կարգ մը պետութիւններու կողմէ, որոնց շահերը այդ կը պահանջեն և անոնց լրատուական միջոցները տակաւին կ՛արձագանգեն մինչև այսօր: Այսինքն ստիպողաբար մեղաւոր պիտի հռչակուի Սուրիան, առանց այլևայլի:
Տակաւին թարմ են նաև մեր միտքերուն մէջ Լիպիոյ նախագահ Քազաֆիին դէմ սարքուած դաւադրութեան խաւերը, որուն կերտիչներէն մին էր մեր հարևան նահանգի ներկայացուցիչներէն մին՝ պարոն Մըք Քէյնը: Ան առանց խպնելու կը յայտարարէր, թէ իր հանդիպումները յեղափոխականներուն հետ, ռազմականօրէն գետին պատրաստել էր Լիպիոյ ազատագրման շարժումին համար, որուն հետեւանքները ինչպէս գիտենք, երկրին կործանումը դարձան: Պարագան նոյնը եղաւ նաև Սուրիոյ համար, երբ այդ տխեղծ նոյն արարածը նմանատիպ հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ կառավարութեան յեղաշրջումին զինուորագրուած միտքով և նիւթով կաշառուած կարգ մը անհատներու հետ, Թուրքիոյ օժանդակութեամբ և կարգադրութեամբ, սուրիական սահմաններուն վրայ, և ոչ շատ հեռու, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի սկիզբին: Դժբախտաբար, այդ բոլորը բացասական արդիւնքի հասան Մըք Քէյնի և անոր հովանաւորներուն համար, երբ այսպէս կոչուած «ազատամարտիկները» դարձան համաշխարհային պատուհաս, «ԱՅՍԻՍ» անունով, նոյնիսկ՝ զիրենք հովանաւորներուն համար: Գիտենք հաւանաբար, Եւրոպայի, Թուրքիոյ, Իրաքի և վերջերս ալ՝ Սէուտական Արաբիոյ մէջ կատարուած վերջին պատահարներուն մասին, որոնք կարծէք վերջ պիտի չգտնեն մօտիկ ապագային:
Ուրեմն, ինչպէ՞ս դատել մեղապարտ ոճրագործ անհատ մը, որուն անհասանելի է արդարութեան թաթը, երբ անոր նման և աւելի հզօրներ կը թելադրեն պաշտօնատարներուն աշխարհի ընթացքը:
Եւ տակաւին կրնայ շարունակուիլ երթը, նոյն թափով եթէ… մնանք առանց փոփոխութեան, նոյն համակարգերով: