Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Վերջին ժամ. Հակառակորդը կրակ բացած է Մովսէս գիւղի ուղղութեամբ

Երեւելի լարուածութիւն գրանցուած է Հայաստան- ազրպէյճան սահմանային   գիծին վրայ: Այս մասին կը տեղեկացնէ  Armradio-ն: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այսօր յետմիժօրէին ազրպէյճանական ուժեր կրակ բացած են    Տաւուշ մարզի   Մովսէս  սահմանային գիւղին ուղղութեամբ: Տեղեկութիւնը հաստատուած  է    գիւղապետ  Արարատ Աւալեանի կողմէ, որ նաեւ ըսած է, թէ այսօր թշնամին կրակ բացած է   գիւղի  դպրոցին մօտ եղող մարզադաշտին  վրայ, ուր  գտնուած են երեխաներ: Բարեբախտաբար զոհեր չկան: Գիւղապետը նաեւ ըսած է, թէ երէկ     հակառակաորդը,  նոյնպէս կրակ բացած էր գիւղին մէջ եղող   հայկական բանակի   դիրքերուն ուղղութեամբ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ