Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2024

Շաբաթաթերթ

Լենա Պաղպուրտեան-Գորթոշեան տնօրէնուհի կը նշանակուի Քլարք Մակնէթ Հայ Սքուլի

Գաղութիս ծանօթ եւ յարգուած ազգայիններէն՝ Տէր եւ Տիկ. Եփրեմ եւ Վարսենիկ Պաղպուրտեանի դուստրը՝ Լենան, ընթացիկ տարուան Յուլիս 1-ին տնօրէն նշանակուած է շրջանիս հանրային վարժարաններու լաւագոյններէն մէկը նկատուող հանրածանօթ Քլարք Մակնէթ Հայ Սքուլի։

Լենան իր նախնական ուսումը ստացած է Լիբանանի մէջ, յաճախելով ազգային Մարտիկեան վարժարան եւ ապա՝ Հայ Աւետարանական Քոլէճ։

Իր փոքր տարիքին իսկ, Լենա նկատուած է որպէս լուրջ եւ յառաջադէմ ուսանողուհի։ 1976-ին Լիբանանի քաղաքացիական սարսափելի պատերազմը կը ստիպէ ընտանեօք գաղթեն Միացեալ Նահանգներ։

Ան նախ կը յաճախէ Մոնթէպելլոյի Մեսրոպեան վարժարան եւ 1979-ին՝ Ալեք Փիլիպոս։ Ազգային զոյգ վարժարանները աւարտելէ ետք, բարձրագոյն ուսման կը հետեւի Քալիֆորնիոյ Նորթրիճ համալսարանին մէջ, ուր կը ստանայ Ուսողութեան Պսակաւոր Գիտութեան տիտղոսը։

1986-1988 ան կը վարէ ուսուցիչի օգնականի պաշտօնը Կլենտէյլի R.D. White  վարժարանին մէջ եւ ապա 1988-1989 վերոնշեալ պաշտօնը կը շարունակէ Կլենտէյլի Toll միջնակարգ վարժարանին մէջ։

1990-ին ամուսնանալէ ետք հալէպահայ ծանօթ ընտանիքի մը հարազատին՝ Գէորգ Գորթոշեանի հետ, Լենա կը շարունակէ ուսուցչական ասպարէզը։ Ան կը հրաւիրուի Կլենտէյլի Հայ Սքուլ, դասաւանդելու Ուսողութիւն։ Կը վարէ նաեւ նոյն վարժարանի Հայկական Ակումբի կազմակերպչական աշխատանքները։

Այս առթիւ նշենք, թէ հակառակ երկու զաւակներու մայր ըլլալուն, այն տպաւորութեան տակ ենք, որ Լենա որոշած է միանգամընդմիշտ ջնջել «հանգստանալ» բառը իր բառացուցակէն եւ վճռած է ուսումնական մարզի նորանոր ծրագիրներ մշակել, որպէսզի առաւել եւս օգտակար հանդիսանայ իրեն վստահուած վարժարանի ուսանողութեան։ Լենա, երկրորդ անգամ ըլլալով, կը վերադառնայ Նորթրիճ համալսարան եւ այս անգամ կ՛արժանանայ Մագիստրոս Գիտութեան տիտղոսին։ 1999-ին ան կը հրաւիրուի Հուվըր Հայ Սքուլ, ուր իրեն կը վստահուի փոխ տնօրէնի պաշտօնը։

Ուսումնական մարզին մէջ իր ձեռք ձգած յաջողութիւններուն եւ նաեւ իր փորձառութեանց համար, Լենան կը նշանակուի Լոս Անճելըս քաղաքի կրթական շրջանի Թուաբանութեան տեսչուհի եւ օգտակար կը հանդիսանայ 81 շրջաններու հանրային վարժարաններուն։ Միեւնոյն ատեն ան աշխատած է նաեւ նահանգային մակարդակով զանազան յանձնաժողովներու մէջ։

22 Օգոստոս 2011-ին, Լենան կը նշանակուի Լա Քրէսէնթայի Քլարք Մակնէթ Հայ Սքուլի փոխ տնօրէնուհի։

Առ ի գնահատանք 30 տարիներու ուսուցչական մարզէն ներս իր անձնուրաց աշխատանքներուն եւ յաջողութիւններուն, Յուլիս 1, 2016-ին կը ստանձնէ Քլարք Մակնէթ Հայ Սքուլի տնօրէնուհիի պաշտօնը։

Այս առթիւ կ՛արժէ նշել նաեւ, թէ վերոյիշեալ վարժարանին աշակերտութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը հայ ուսանողներ են։

Սիրելի Լենա Պաղպուրտեան-Գորթոշեան, ջերմապէս կը շնորհաւորենք նոր պաշտօնդ, մաղթելով, որ աշխատասիրութեամբդ, համեստութեամբդ եւ ծառայասիրութեամբդ նուաճես նոր բարձունքներ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ