Էրէբունի շրջանի ՊՊԾ ոստիկանական կեդրոնին մէջ եղող բոլոր պատանդները ազատ արձակուած են: Լրատուական աղբիւրներ, որ այս մասին լուր հաղորդեցին նաեւ նշեցին, որ վերջին երկու պատանդներ գնդապետներ՝ Վալէրի Օսիբեանն ու Եղիազարեանը ազատ արձակուած են: Կը հաղորդուի նաեւ, որ «Սասնայ ծռեր» զինեալ խումբի անդամները պիտի յանձնուին: Նշենք, որ խնդրի հանգուցալուծման եւ խաղաղ ճանապարհներով լուծման համար կարեւոր աշխատանք տարաւ Արցախի հերոս եւ ԼՂՀ Ազգային Ժողովի անդամ Վիթալի Բալասանեան: