Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ահաբեկչական յարձակումներ Միւնիխի մէջ. Զոհուած են 6 քաղաքացիներ

Մինչ լրատուական  ծառայութիւններ կը հաղորդեն, թէ  Միւնիխի մէջ    երկրորդ ահաբեկչական գործողութիւն մը կատարուած է Պաւարիոյ  շրջանի ներքին գործոց նախարար Եոախիմ Հան   յայտնեց, որ Միւնիխի «Օլիմբիա»  առեւտրական կեդրոնին  մէջ ահաբեկչական         յարձակում  կատարած  երեք զինեալները  յաջողած են խոյս տալ կեդրոնէն:   Կը  նշուի նաեւ, որ եղած յարձակումին հետեւանքով  զոհուած են   անձեր:  Շրջանի ոստիկանութիւնը    տարածուելէ ետք քաղաքի  բոլոր  կարեւոր հատուածներուն մէջ  բնակիչներէն պահանջած է մնալ  իրենց  տուները եւ    տեղափոխուիլ միայն  անհրաժեշտութեան  պարագային:  Ըստ  կայանին ոստիկանութիւնը  ուղղաթիռներ գործի դրած է    գտնելու համար զինեալներու   գտնուած վայրը:Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ  զինեալները կը պատրաստուէին շատ աւելի  մեծ գործողութիւն մը իրականացնել, բայց  իրենց անյայտ  պատճառներով    վերջին պահուն  ծրագիրը փոխուած է:  

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ