Թուրքիոյ մեծամասնութեամբ քրտաբնակ Տիարպէքիր նահանգին մէջ իրավիճակը կը մնայ լարուած ու պատերազմական: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ թրքական HaberTurk կայքը: Աղբիւրին փոխանցմամբ անցնող ժամերուն Թուրքիոյ բանակային ուժերուն եւ քրտական PKK-ի զինեալներուն միջեւ ծանր բախումներ գրանցուած են մասնաւորապէս Տիրապէքիրի Էրկանի շրջանին մէջ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ բախումներուն ատեն սպաննուած են թրքական բանակի 3 զինուորներ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ թրքական բանակի ջոկատ մը յարձակում կատարած է -ի մէկ զօրակայանին վրայ եւ ծանր տոյժեր կրելէ ետք ետ քաշուած: Քրտական կարգ մը աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ բախումները չեն դադրած եւ կը շարունակուին, մինչեւ այս լուրին խմբագրումը: