Գրեց՝ Զարմինէ Պօղոսեան
Երեք ամիսէ կրկին ու կրկին «Աշնանային Մենանուագ» հատորը ձեռքիս ետ ու առաջ կը դարձնեմ էջերը ու Հալէպը՝ մանկութեան եւ պատանութեան օրրանս, սահիկններու ցուցադրութեամբ կը տողանցէ աչքիս առաջ:
Հեղինակը՝ Յակոբ Միքայէլեանն է: Կենսագրութի՞ւնը՝ ցեղասպանութենէն վերապրած զէյթունցի ծնողքին զաւակը, Հալէպ ծնած եւ ուսանած արձակագիր, հրապարակագիր, մի քանի հատորներու հեղինակ, դերասան, բեմադրիչ, թարգմանիչ (արաբերէն), իսկ համալսարանական վկայականը՝ անգլերէն գրականութեան մէջ Դամասկոսէն, մանկավարժութեան վկայականը՝ Նիւ Ճըրզիէն:
180 էջնոց այս հատորը, որ լոյս տեսած է Անթիլիաս՝ 2012-ին «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան» Հիմնադրամին շնորհիւ, խոշոր կարկինով մը գլխաւորաբար Հալէպի կեանքն է որ կը նկարագրէ: Սկսելով յետ-եղեռնեան հայ ընտանիքին կեանքէն մինչեւ Հալէպի հայ կեանքին ոսկեդարը: Միջին արեւելեան երկիրներու հայ համայնքի երիտասարդութեան եռուզեռը, ամառնային պարտէզներն ու երիտասարդական բանակումները, մարզախումբերուն հիւրախաղերը, քաղաքէ քաղաք ճամբորդութիւնները, որոնք բոլորն ալ ինչ-ինչ յիշատակներով եռուզեռ եւ հայկական կեանք կ՛արձանագրէին:
Յակոբ Միքայէլեանը ճանչցած եմ ուսանողական շրջանէս, Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Գալուստ Կիւլպէնկեանի երկրորդականի տարիներէն: Թէեւ դասընկերներ չենք եղած, սակայն արուեստի սէրը հասարակ յայտարարով մը տարբեր դասարանցիներուս ծանօթութիւնները իրարու կը մօտեցնէր մեզ:
Տրամադրութիւններու մերթ ծայրայեղ եւ մերթ հակոտնեայ արտայայտութիւններով, մերթ գողտրիկ ու ամաչկոտ ժպիտով իրաւ արուեստագէտի խմորով տղայ մըն էր մեզմէ շատերուն համար:
Եւ չուշացաւ փաստը Հալէպի թատերական կեանքի երկնակամարին վրայ. ան հայ բեմին վրայ փայլեցաւ իր դերերով, նոյնիսկ արաբական հեռատեսիլի կարգ մը ֆիլմերու մէջ հայ համայնքին ներկայութիւնը հաստատելով, արուեստի ներդրումը կատարելով:
Իսկ հայ մամուլին մէջ երեւցող իր հետեւողական շարքը «Քիթի մը Օրագրէն» եւ կամ «Բաց Պատուհանէն» ինչե՜ր չէին տեսներ եւ արձանագրեր Միջին Արեւելքի սփիւռքահայ առօրեայէն:
Անցնող Ապրիլին մէկ շաբթուայ այցս Երեւան-հայրենի տուն՝ առիթ տուաւ, որ հանդիպինք մեր համաքաղաքացի Յակոբին հետ եւ մակագրուած հատորը ստանալ Ապրիլ 16, 2016 թուականով՝ որ հիմա ձեռքիս է:
Հալէպն է, որ կը շնչէ հոն տասնամեակներու ապրումներով, վկայագրութիւններով:
Հայատառ թրքերէնով Աստուածաշունչը, ջարդէն ճողոպրած զէյթունցի իր ծնողքին առագաստի սենեակը զարդարող հայելիով պահարանին պատմութիւնը ի՜նչ-ի՜նչ յուշեր, դրուագներ կ՛արթնցնեն սերունդի մը հոգիէն ներս մանաւանդ – որ մե՛ր սերունդն է- յաջորդ օղակը ցեղասպանութենէն վերապրողներուն՝ հինը նորին կապող: Քանիներ մեզմէ կը յիշեն իրենց մեծ հօր կարդացած Սուրբ Գիրքը հայատառ եւ սակայն թրքերէն լեզուով: Սուրբ Գիրքը՝ արաբերէն տառերով եւ օսմանեան լեզուով: Ու մանաւանդ՝ այդ Սուրբ Գիրքին առաջին պարապ էջին վրայ արձանագրուած ընտանեկան ծառի մանրամասնութիւնները, ծննդեան, ամուսնութեան եւ կամ մահուան թուականներով լեցուած:
Կանգ կ՛առնեմ պահ մը, եւ.. առաջին պատմուածքին էջերուն մէջ կը կորսուիմ… ուր կը նկարագրուի թէ ինչպէս 1940-ականներուն ֆրանսական մանտաթին պատասխան անգլիական օդանաւերու ռմբակոծումները անապահովութիւն կը ստեղծեն: Ընտանիքը կը փոխադրուի Նոր Գիւղ ապահովութեա՛ն համար: Նոր Գիւղ եւ ապահովութի՞ւն: Այս օրերուն ի՜նչ «ապահովութիւն», մարդկային ի՜նչ կատակերգութիւն…
Հալէպի Աճուր Թարլայի ամայի դաշտէն, Ցեղասպանութենէն ետք Հալէպի առաջին Հայկական Եկեղեցւոյ – Ս. Գէորգի սահմանէն մինչեւ Նոր Գիւղի ճամին՝ մզկիթը երկարող շրջանը հայութեամբ կը շնչէր: Վերապրողներուն քրտինքով թիթեղեայ տունիկներէն աղիւսապատ բակով տուներ դարձած էին, պատուահաններէն հայկական երաժշտութիւնը փողոց հոսող մթնոլորտով մը:
Այդ բոլորը վերջին տասնամեակներուն՝ քարաշէն տուներու վերածուած, հայաշատ կեդրոններով եւ դպրոցներով մշակոյթ շնչող Նոր Գիւղէն քար-քարի վրայ չէ մնացած, այսօր՝ 2016-ին Հալէպի ոսկեդարը պատմութեան էջերուն փոխանցելու:
Այս օրերու Հալէ՞պը… եօթանասուն տարի ետք, 2010-էն ի վեր հայաշատ Նոր Գիւղը եղած է դիպուկահարներու եւ ռմբակոծումներու թիրախ:
Քաղաք մը, որ ջարդի մոխիրները թօթափելով փիւնիկի պէս կենդանութիւն առած սերունդէն մտաւորականներու փաղանգ մը հասցուցած եւ հարստացուցած է քիչ մը ամէն սփիւռքահայ կեդրոն:
«Ո՞ւր են համաշխարհային, միջազգային հեղինակութիւնները, ինչո՞ւ Հալէպը աղէտեալ քաղաք պիտակելով չեն փութար պատերազմը կեցնելու ու քաղաքը փրկելու վերջնական չքացումէ: Չե՞ն կրնար, շատ լաւ ալ կրնան, սակայն, կ՛ուզե՞ն», կը գոչէ Յակոբ Միքայէլեան իր վերջերս ստորագրած «Անտէրութիւն» յօդուածով:
Տասնվեց պատմուածքներով եւ տասներեք խոհագրութիւն-ճեպանկարներով Հալէպի առօրեային հետ իր անձնական մտերիմ պահերուն հաղորդակիցը կը դարձնէ մեզ Յակոբը: Մեծ քաղաք Հալէպին պատուհաններէն ներս կատարուած կեանքի մանրամասնութիւններէն մինչեւ մանր-մունր բամբասանքներուն արագավազ շրջանառութիւնը – ի չգոյէ քսանմէկերորդ դարու տեղեկատուական միջոցառումներուն – արմանք-զարմանք կը պատճառեն ընթերցողին:
Յակոբ Միքայէլեանը մանկութեան տարիներէն անցած է այն փորձառութենէն, երբ եւրոպական երկիրներուն Հալէպի վրայ տեղացնող ռմբակոծումին պատճառով պատուհանները պէտք էր մուգ կապոյտ ներկուէին, կամ՝ օրաթերթեր փակցնելով ապակիները փակէին որ լոյսը չթափանցէ դուրս, 1940-ական համալսարանական տարիներուն արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն հազիւ-հազ մայրաքաղաք Դամասկոսէն ողջ-առողջ Հալէպ կը հասնի (1967), իսկ այս օրերուն ալ դիպուկահարուող ու ռմբակոծուող Հալէպէն հասած է Երեւան, հայրենի հողին վրայ կը գտնուի մէ՛կ հաստատակամ յայտարարութեամբ՝ «Մենք իր մէջ ըլլալէն աւելի ան մեր մէջն է…»։
Այո՛, Հայրենիքը…ամէն մէկ սփիւռքահայուն հոգիին մէջն է…
Բայց, ո՞ւր մնաց Յակոբին տաղանդին շարունակական փայլքը: Մէկ տեղ մնալով, ճանաչում գտնելով ինքզինք արդարացնող իր արդար վաստակին համբաւը վայելելու: Մէկ տե՞ղ: Ո՞ւր սակայն: Ո՞ւր է Հալէպահայուն տեղը:
Կը կարդամ… ու կ՛անդրադառնամ այն մղոններու ահաւոր ճամբորդութիւններու մէջ երկարող տարածութեան, որ ամէն մէկ ցեղասպանութենէն վերապրողին եւ անոնց սփիւռքահայ զաւակներուն վիճակուած է…
Յակոբին զէյթունցի ծնողքին փոշին Հալէպի հողին խառնուած է…
Յակոբին, քոյրերուն եւ անոնց զաւակներուն եւ թոռնիկերուն ճանապարհորդութիւնը կը շարունակուի մէկ ցամաքամասէն միւսը:
Կը կարդամ, կը ժպտիմ այն ուրախ օրերուն յուշերով, երբ օթօպիւսներով քաղաքէ քաղաք հիւրախաղերու եւ կամ մարզական մրցումներու կ՛երթային պատանի-երիտասարդները, կը ծնէին փոքրիկ սէրեր, որոնք երբեմն ալ խոր ու հաստատ սիրով կը շարունակուէին եւ ամուսնութեամբ կը կնքուէին:
Այս էջերուն հետ… կը յիշեմ տողերը բանաստեղծին. «Ու մերթ լացաւ ու մերթ խնդաց իմ հոգին…»։
Յակոբ գողտրիկ պատկերով մը «Մեծ Մանուկը» (էջ 160-161) վերնագրով կը նկարագրէ այն փոքրիկ մանչուկին վիճակը, որ այդքան փոքր հասակին շոքոլա չի կրնար ուտել, որովհետեւ շաքարախտ ունի, եւ երեք անգամ ինսուլին ներարկուելու ստիպուած է…
«Ցաւը ինչպէ՞ս կը մեծցնէ եղեր մէկը, հասուն կը դարձնէ, կը կոփէ, կ՛ամրացնէ…» կ՛եզրափակէ Յակոբ Միքայէլեան: Հասունութիւնը եթէ չափանիշ մը ունի, Հալէպահայունը ո՞ւր հասած է:
Ինչպէ՞ս չմտածել բոլոր այն մանուկներուն մասին, որոնք այսօր հինգ տարիէ աւելի Հալէպի դժոխային կեանքին մէջ կ՛ապրին: Ինսիւլինի տեսակ մը կա՞յ, որ մեղմացնէ անոնց ցաւը:
«Երբ այսքան անպէտ ու անկարեւոր կը դառնայ մարդը աշխարհի «Տէրեր»-ուն ձեռքը», քանի-քանի Հալէպահայ տաղանդներ իրենց արուեստով դեռ քանի-քանի մղոններ պէտք է կտրեն հանգրուանելու եւ վայելելու իրենց արժանի տեղը:
Էջ առ էջ կարդալով Յակոբ Միքայէլեանին «Աշնանային համանուագը» Հալէպն է, որ կենդանի կը տողանցէ աչքիս առաջ եւ կրկին հարց կու տամ…
Ո՞վ պիտի գրէ Հալէպի ամբողջական պատմութիւնը… եւ ո՞ւր է Հալէպահայուն տեղը:
Նիւ Եորք, 8 Յուլիս 2016
Այնթապցիներու Մշակութային Միութեան եւ Կրթասիրացի Ամերիկայի Սանուց Միութեան նուիրահաւաքի ձեռնարկ
Հալէպահայութեան կրթական օճախներէն երիցագոյն վարժարաններէն մին է Կրթասիրացը իր այժմէական երկրորդական ուսման բաժինով, որ հիմնուած էր 1924 թուականին, Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին Այնթապէն Հալէպ ապաստանած հայ տարահանուածներու տքնաջան աշխատանքով, ջանալով վերակառուցել հայ գիրի ու գրականութեան հնոց մը, հայրենիքէն հեռու, բայց մեր սրտերուն մօտիկ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ: Հալէպի ոսկեզօծ ժամանակաշրջանին, ներկայ ճգնաժամային օրերէն առաջ, Կրթասիրաց վարժարանը կը հանդիսանար Հալէպի կրթական փայլուն օճախներէն մին, իր ուսումնական և կրթական բարձր մակարդակով և 1000-ի մօտ հաշուող աշակերտներով: Ներկայիս, դժբախտաբար դժխեմ է կացութիւնը ոչ միայն Սուրիոյ մէջ, այլ մանաւանդ՝ Հալէպի մէջ, որ կը համարուէր հայ գաղթաշխարհի սրբավայրերէն և կեդրոններէն մին: Յարաբերաբար, խիստ նուազած է նաև Կրթասիրաց վարժարանի աշակերտութեան թիւը, որոնք խոյս տուած են իրենց երկրորդ հայրենիք համարուած տեղավայրէն, թողնելով բոլորիս սիրելի Կրթասիրաց վարժարանը աննեցուկ պայմաններու մէջ:
Կրթասիրաց վարժարանին օգնութեան փութալու նպատակով, Այնթապցիներու Մշակութային Միութիւնն (ԱՄՄ) ու Կրթասիրաց Վարժարանի Ամերիկայի Շրջանաւարտից Միութիւնը ձեռնարկած էին միատեղ աշխատանքով կազմակերպել նուիրահաւաք մը, որուն հասոյթը պիտի յատկացուէր վարժարանի անմիջական կարիքներուն: Սոյն միջոցառումը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 10 Յուլիս 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 13.00-ին, Լոս Ամճելըսի շրջանի Կլէնտէյլ քաղաքի հանրածանօթ «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ, ստուար Այնթապցի և Կրթասիրացցի բազմութեան մը ներկայութեամբ: ԱՄՄ-ի ատենապետ Աւետիս Տէմիրճեանի բացման խօսքով ընթացք առաւ նուիրահաւաքը, որուն հմուտ և բազմատաղանդ հանդիսավարն էր Տիկ. Թագուհի Արզումանեան և որուն ծնողները եղած էին Կրթասիրաց վարժարանի սաներ: Տէր Ղևոնդ Քհնյ. Քիրազեանի սեղանօրհնէքէն ետք ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը, ուր երկու Կրթասիրաց վարժարանի շրջանաւարտ եղբայրներ՝ Յովիկ և Մանուէլ Մէնէշեաններ ներկաները դիւթեցին իրենց հմայիչ և դասական երանգաւոր երգերով:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Գէորգ Քէօշկէրեան, որ ինք ևս շրջանաւարտ է Կրթասիրաց վարժարանէն, ապա հաստատուած Միացեալ Նահանգներ, ներկաներուն տալով վարժարանին հերոսական պատմականը, անոր հիմնադիրներէն սկսեալ մինչև այսօրուան բարերարները, ինչպէս՝ Գափրիէլ Չէմպէրճեան, Արմէն Յարութիւնեան, Արտաւազդ Գալայճեան, Գրիգոր Գազանճեան և այլ բարերարներ, որոնց նուիրեալ զոհողութիւններուն արդիւնքով բարգաւաճեցաւ և ծաղկեցաւ Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանը: Հանդիսութիւնը ազգային և հայոգի առաւել ոգեղէն տրոփիւնի երեւոյթ ստացաւ, երբ Տիկ. Թագուհի Արզումանեան ասմունքեց Պարոյր Սևակի քերթուածներէն՝ «Մայրենի Լեզուն», որուն յաջորդեց Խաչիկ Նահապետեանի կատարողութեամբ «Հայոց Լեզուն» երգը, մեծ ոգեւորութիւն և խանդավառութիւն ստեղծելով ներկաներուն մէջ:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Հայաստանի բեմերու հանրածանօթ օփերային երգիչ Յարութիւն Կարապետեանին Կրթասիրաց վարժարանի քայլերգով, որուն մասնակից դարձան բոլոր ներկաները։ Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Տ. Ղևոնդ Քհնյ. Քիրազեանի խօսքով և պահպանիչով:
Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք Այնթապցիներու Մշակութային Միութեան և Կրթասիրացի Ամերիկայի Սանուց Միութեան, իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար, որուն արդիւնքը եղաւ բարեբեր և գովելի, հասնելու համար Կրթասիրաց վարժարանի անհամար պէտքերուն: