Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

«Սասնայ ծռեր» խումբը կը մերժէ զէնքերը վար դնել

   Էրէբունիի ՊՊԾ     կայանին մէջ գտնուող  «Սասնայ ծռեր»  խումբը     կը մերժէ յանձնուիլ:  Այսօր  այդպէս յայտատարեց խումբի անունով հանդէս եկող Վարուժան Աւետիսեան: Ան նաեւ ըսաւ, թէ իրենց  յանձնուելուն վերաբերեալ      շրջան  ընող զրոյցները    անճիշդ  են:  Աւետիսեան նաեւ ըսաւ, թէ իրենց համար  հիմնական պահանջը կը մնայ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարանը եւ իրենք   պատրաստ են  զօրանոցին  մէջ մնալ մինչեւ այդ նպատակին իրագործումը:   Աւելի վաղ յայտատարութեամբ մը հանդէս   գալով Արցախի հերոս եւ    զինեալ խմբակին ու  օրինապահ մարմիններուն  միջեւ միջնորդի դերով հանդէս եկող Վիթալի Բալասանեան  յայտարարած էր, որ թէ  Ժիրայր Սէֆիլեան  դրական արձագանքած է   զինեալ տղոց զէնքերը վար դնելու   խնդրին ու յայտնած, թէ ինք կը հրաժարի հանրապետութեան  նավխագահի հրաժարական պահանջելու  խնդրէն:  Յիշեցնենք, որ աւելի  վաղ   տեղի ունեցած միջնորդութեամբ ազատ արձակուած էին Էրէբունիի զօրանոցի մէջ եղող  վերջին  չորս  պատանդները ու անոնց մէջ էին  գնդապետներ Վալերի Օսիբեանն ու     Վարդան Եղիազարեանը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ