Երէկ ծանր գիշեր մը անցուցինք Դամասկոսի մէջ. Տ. Արմաշ Սրբազան

«Դամասկոսի  մէջ այսօր իրավիճակը  խաղաղ եւ կայուն է, բայց   երէկ բաւական ծանր գիշեր մը անցուցինք» «Արեւելք» կայքին ըսած է       Դամասկոսի     թեմի  առաջնորդ  Տ. Արմաշ  Եպս. Նալպանտեան: Սրբազանը նաեւ նշած է, որ երէկ գիշեր  հրթիռարձկումներու ենթարկուած է  յատկապէս  Դամասկոսի Պապ Թումա  քրիստոնէաշատ   շրջանը  , ուր   հրթիռ մը ինկած է շրջանին մէջ եղող  ճաշարանի մը վրայ պատճառ դառնալով  մեծ թիւով   մարդկային կորուստներու: Սրբազանին խօսքով   զոհերուն թիւը  հասած է 8-ի  եւ գրանցուած են   տասնեակ  վիրաւորներ:   Հրթիռներ ինկած   են նաեւ եւ հայ Կաթողիկէ  եւ Լատինաց եկեղեցիներու    մօտակայքը:      Ըստ   Սրբազանին  եկեղեցիները    չեն վնասուած,  բայց    հրթիռի պայթումին հետեւանքով  փշրուած են  հայ  Կաթողիկէ   առաջնորդարանի  շէնքի   կարգ մը     ապակիները:   Նշենք, որ երէկ եղած  ծանր հրթիռարձկումներուն հետեւանքով   զոհուածներուն   մէջ   հայեր  չկան:  Իրավիճակը    այսօր   խաղաղ է   Դամասկոսի  մէջ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ