Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Խորենացի փողոցին վրայ կացութիւնը կը մնայ նոյնը. Զինեալները կը մերժեն յանձնուիլ

Այսօր, ինչպէս նախօրօք յայտարարուած էր   Խորենացի  փողոցին վրայ դարձեալ   հանրահաւաք կայացաւ, ուր հերթաբար խօսք առին «Նախախորհրդարան»ի  ներկայացուցիչ Ալեք Ենիգոմշեան, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան փոխ- նախագահ Արմէն Մարտիրոսեան,  լրագրող   Լեւոն Բարսեղեան, աքթիւիսթ Դաւիթ Սանասարեան, երգահան Եղիշէ  Պետրոսեան եւ ուրիշներ: Ենիգոշեան յայտարարած, որ     «Սասնայ ծռեր»   խումբի տղաքը չեն պատրաստուիր   յանձնել իրենց զէնքերը: Ենիգոմշեան իշխանութիւններէն  պահանջեց արագօրէն լուծել զինեալներու     դեղօրայքի, ջուրի  եւ  սնունդի հարցերը:   Ենիգոմշեան նաեւ ըսած է, որ իրենք   այդ պահանջներու խնդրով  դիմած են Միջազգային Կարմիր Խաչ կազմակերպութեան, բայց   անոնք     յայտնած են, որ    իրաւասութիւն չունին այդ հարցով զբաղուելու:  Մինչ բողոքի  հաւաքը  կը շարունակուէր         ՀՀ ոստիկանութեան  աղբիւր մը յայտնեց, թէ «Սասնայ ծռեր» խումբը    հրկիզած է ոստիականական   մէկ  փոխադրակառք  եւ մէկ ինքնաշարժ:       Ինչ կը վերաբերի      տեղի ունեցող  բանակցութիւններուն  Արցախի թեմի  առաջնորդ Տ. Պարգեւ Սրբազան  յայտնած է, թէ բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ  «բոլորս շատ մօտ ենք լուծումէն»: Սրբազանը նաեւ ըսած է, որ խնդիրը պէտք է լուծուի բացառապէս   խաղաղ  ճանապարհներով եւ զինեալ տղաքը  պէտք է յանձնեն  իրենց  զէնքերը: Հանրահաւաքի աւարտին    դարձեալ խօսք առնելով Արմէն Մարտիրոսեան       ներկայ բազմութիւնը հրաւիրեց  խաղաղ երթի մը, որ պիտի հասնէր մինչեւ   քաղաքի  Աբովեան  կեդրոնական  փողոց:

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ