Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Երէկ գիշեր բախումներ եղած են ՊՊԾ տարածքին մէջ.

 Երէկ գիշեր բախումներ եղած են Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոնի  շրջակայքին մէջ: Այս  մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Նախախորհրդարան»ը, որ նաեւ կը յաւելէ , թէ երէկ առաւօտեան  վաղ ժամերուն ոստիկանութիւնը կրակ բացած է ՊՊԾ տարածքին մէջ եղող  «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոց  ուղղութեամբ, որուն  հետեւանքով  երկու զինեալներ՝  Աշոտ  Պետրոսեանն ու Յովհաննէս Յարութիւնեան    վիրաւորուած ու ապա հիւանդանոց փոխադրուած են:     Նոյն      հաղորդագրութեան  մէջ կը նշուի, որ առաւօտեան ժամը 7:00–ին   Արթուր Սարգսեան  անունով  քաղաքացի մը           իր սնունդով բեռնաւորուած  ինքնաշարժով  փորձած է հատել      ոստիկանութեան կողմէ  դէպի ՊՊԾ կեդրոն  տանող  փակուած  ճամբան եւ հասնիլ  զօրակայան:  Սարգսեան  ենթարկուած է ոստիկանութեան կրակներու , բայց յաջողած է    հասնիլ ներս:  Ըստ «Նախախորհրդարան»ին       «Սասնայ ծռեր» զինեալներու խումբը  նաեւ յայտնաբերած է, որ ՊՊԾ  կեդրոնէն ներս     եղող  սպաները  կը զբաղբուէին   «կաւատութեամբ»: Ըստ  «Առաջին լրաատուական»ին       երէկ գիշեր  զինեալները վար առած են ոստիկանութեաան կողմէ  գործի դրուած անօդաչու  թռչող սարք մը, որ կը  փորձէր նկարահանումներ կատարել  տարածքին   վերեւ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ