Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Հռոմի Պապը դատապարտեց Րուան քաղաքին մէջ եղած ահաբեկչութիւնը

  Զինեալներ ահաբեկչութիւն իրականացուցած են     Ֆրանսայի Րուան քաղաքին մէջ:  Այս մասին  տեղեկութիւն հաղորդող աղբիւրներ   կը յայտնեն, որ զինեալներ մուտք  գործած են   Ֆրանսայի Րուան քաղաքի եկեղեցի եւ պատանդ վերցուցած հոն եղողները: Աւելի ուշ  հաղորդուեցաւ, որ տեղի   ապահովական   մարմինները յաջողած են    վնասազերծել  ահաբեկիչները  եւ սպաննել  երկու    զինեալները: Եկեղեցիէն ներս  եղած են  6 անձեր, որոնցմէ մին ՝ քահանայ մը մորթուած  գտնուած է եկեղեցիէն ներս: Տահէշ  ահաբեկչական խմբաւորումը  ստանձնած է  դէպքին     պատասխանատուութիւնը:  Հռոմի   Ֆրանչիսքոս Պապը դէպքէն անմիջապէս ետք   դատապարտած է  եղածը, իսկ Ֆրանսայի նախագահ  Ֆրանսուա Հոլլանտ   յայտարարած է, թէ  պետութիւնը ամէն  գնով  պիտի   սաստկացնէ  պայքարը երկիրը թիրախ   դարձուցած ահաբեկչութեան դէմ: 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ