Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայրենիքի Մէջ Մեկնարկեց ՌԱԿ-ի «ՄԻՐԱՔ» Պատանեկան-Ուսանողական Շարժումը

Կիրակի, 24 Յուլիս 2016-ին Երեւանի Թէքէեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ, Հայրենիքի մէջ ՌԱԿ-ի Պատանեկան-Ուսանողական Շարժման մէջ պատմական նշանակութիւն ունեցող անդրանիկ հաւաքը: Կայացաւ ՌԱԿ-ի  «ՄԻՐԱՔ» Պատանեկան-Ուսանողական շարժման առաջին հանդիպումը: «ՄԻՐԱՔ» որպէս տարիքային աւելի մատղաշ խումբ եկաւ ամբողջացնելու՝ քանի մը ամիս առաջ դարձեալ Հայրենիքի մէջ մեկնարկած «ԵՌԱԿ» երիտասարդական շարժումին: Հանդիպման ներկայ էին արդէն Հայաստան հաստատուած սուրիահայ եւ Հայրենի շուրջ 50 պարմանուհիներ եւ պատանիներ

ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ Երեւանի մէջ պատանեկան-ուսանողական շարժում մը առաջացնելու գործը վստահուած էր ՌԱԿ  Կեդրոնական Վարչութեան երեւանաբնակ անդամ Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանին, որ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ի մի հաւաքեց նշեալ խումբը: Ստեղծուեցաւ նաեւ «ՄԻՐԱՔ»ի վարչական կազմը, որուն  պատասխանատուութիւնը ստանձնեց  ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան:

Հանդիպման ներկայ էին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ղեկավար երէց անդամներ Աւստրալիայէն, Պէյրութէն, Սուրիայէն եւ Քուէյթէն:

Երիտասարդներուն իր ողջոյնի խօսքը ըսաւ ՌԱԿ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝  ընկ. Հայկ Լեփեճեանը: Ան խօսելով Աւստրալիոյ ՌԱԿ-ի շրջանակի մասին յայտնեց, որ ներկայիս շրջանակը ունի շուրջ 200 գործունեայ անդամութիւն, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ գաղութի ներքին կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ մէջ կազմակերպուած ազգային միջոցառումներուն: Ան նաեւ նշեց, որ իր շրջանակը մեծապէս հետաքրքրուած է  Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի երիտասարդութեան միջեւ կապերը սերտացնելու գործով, զայն համարելով կարեւոր աշխատանք:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Բ. Փոխ-ատենապետ  ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը, իր հերթին լսելով պատանիներու ապագայ ծրագիրները, փափաքներն ու ձգտումները, որպէս երէց ընկեր յորդորեց զանոնք եւ խոստացաւ ի պաշտօնէ ամէն կերպ աջակցիլ անոնց իրականացման համար: Նոյն խանդավառութիւնն ու խրախուսական խօսքերը կիսեցին ներկայ միւս ղեկավար ընկերները: Ընկ. Պըլըխեան խօսքի աւարտին նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան գանձապահ  ընկ. Վարդան Ուզունեանին եւ  ԹՄՄ-ի «Լոնտոն Թրասթին»՝  Երեւանի Թէքէեան Կեդրոնի տրամադրման, ինչպէս նաեւ Պրն. Արմէն Ծուլիկեանին ՝ այս հաւաքի իրականացման մէջ իր ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Այնուհետեւ Ընկ. Տիգրան Չալեան, կուսակցութեան պատմութեան հակիրճ պատմական ակնարկ մը տալէ ետք, շեշտեց Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին գործող Թէքէեանի կառոյցներէն ներս տարուած աշխատանքներու դերը՝ հայ մշակոյթի եւ գրականութեան պահպանման գիծով ու որպէս թէքէեանականներ զայն այսօր եւս շարունակելու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ հանդիպման ներկայ սուրիահայ պարմանուհիներն ու պատանիները մասնաւորաբար եղած են Հալէպի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան անդամներ, որոնք փափաքը ունին իրենց տարիներու գաղութային կուսակցական եւ միութենական փորձառութիւնը կիսել իրենց Հայրենի նոր ընկերներուն հետ:

ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ


 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ