Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հզօր պայթում մը ցնցեց Գամիշլին. Զոհերուն մէջ հայեր չկան. աղբիւր

Տահէշ ահաբեկչբական խմբաւորումը այսօր ծանր սպանդ մը կատարած է Գամիշլիի մէջ:  Ըստ մեր աղբիւրին  «Մունիր հապիպ» թաղամասին մէջ եղած ահաբեկչութիւնը եղած է արդիւնք ականուած կառքի մը պայթումին, որուն հետեւանքով զոհուած են 44 անձեր եւ վիրաւորուած  տասնեակ  ուրիշներ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ պայթումը եղած է քրտական YPG  խմբաւորման պատկանող  անցարգելի մը մօտ եւ պայթումի ուժգնութիւնէն հրկիզուած ու պայթած է շրջանին մէջ եղող բեռնատար այլ կառք մը: «Արեւելք»ի Գամիշլիի  աղբիւրին փոխանցմամբ մինչեւ այս պահը զոհուածներուն կամ վիրաւորներուն  մէջ հայերու անուններ չկան:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ