Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Պաղեստինցի մեծ քերթողին գործերը քաղաքական վէճի առանցք կը դառնան Իսրայէլի մէջ

Մահմուտ Տարուիշի  «Արձանագրէ, ես արաբ եմ» բանաստեղծութիւնը հնչած է իսրայէլեան «Կալեթսահէլի» ձայնասփիւռէն, պատճառ   դառնալով   քաղաքական թէժ քննարկումներու:

«Ան վառելանիւթ է ահաբեկչական գործողութիւններու՝ Իսրայէլի դէմ»,այսպէս բնութագրած է պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման  Տարուիշի բանաստեղծութիւնները եւ ձայնասփիւռի կայանի տնօրէնը  հրաւիրած   հարցաքննութեան:

Մահմուտ Տարուիշ ինքն էր ըսողը՝  «Բռնատէրները կը վախնան  երգերէն , բռնատէրները կը վախնան յիշողութիւններէն », անոնք կ’ուզեն միայն մէկ եւ միակ իշխող պատմութիւն, որն է հրէական դասական պատմութիւնը, եւ անոր համար կը վախնան Մահմուտ Տարուիշէն :

Իր հերթին նախարար Մերէ Ռեկեւ հանդէս եկած է մէկէ աւելի թուիթներով, ուր կայանը փակելու կոչեր ըրած է  եւ սկսած էր վերլուծել Տարուիշի բանաստեղծութիւնները, նկատել տալով որ «Արձանագրէ, ես արաբ եմ» բանաստեղծութեան մէջ  հրէական պետութեան դէմ ընդդիմանալու եւ անոր կայացման դէմ պայքարելու  խօսքեր կան:

Այս արշաւը դիմադրուեցաւ կուսակցական, քաղաքական եւ գրական բազմաթիւ կողմերէ, ան նաեւ օգտագործուեցաւ նախկին պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եահալոնի  կողմէ, Լիպըրմանի դէմ իր պայքարին  առընթեր: «Ինքնավստահ քաղաքական ղեկավարութիւն մը պէտք չէ մտահոգուի  այս  եղածով. լսեցինք ինչ պիտի ընեն Կալիթասահէլ կայանին,երբ ան վերջապէս սկսած է իրականութիւնը ըսել»:

Հաղորդաշարի եւ բանաստեղծ Մահմուտ Տարուիշի ու անոր բանաստեղծութիւններու շուրջ քննարկումներու փոթորիկի սկիզբով ,Իսրայէլի  աջակողմեանները  կ’օգտագործեն դրութիւնը եւ պաշտպանութեան փոխնախարար Էլի Պըն Տիհամը պահանջած է նախարար Նաֆթալի Պինիթէն 48- ի պաղեստինցիներու դպրոցական ծրագրէն հանել բանաստեղծ Մահմուտ Տարուիշի գործերը,  որոնք ծրագիր մտած էին երկար  վէճերէ ետք:  

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ