Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

«Ամէն պարագայի, պատրաստ էի մեռնելու», – ըսած է Նիսի հայ հերոսը (Տեսանիւթ)

Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ եղած ահաբեկչութեան ընթացքին  հայ քաղաքացի մը փորձած է  հերոսաբար կասցեցնել բեռնատար  կառքին ընթացքը: Այս մասին կը  տեղեկացնէ  France 24  կայանը, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ 14 Յուլիսին  Նիսի մէջ գործուած ահաբեկչական արարքին յաջորդող օրերուն սփռուած են տեսանիւթեր, ուր տասնեակներով մարդկային կեանքեր կուլ տուող եւ ուրիշ հարիւրաւորներու ալ կեանքը քանդող բեռնատար կառքին կից երեւցած է շարժանիւ (moto) մը: Անոր վրայի անձը, ցատկելով բեռնատարին վրայ, կը փորձէր վնասազերծել մարդասպան վարորդը եւ արգելք հանդիսանալ այդ խօլ արշաւին:
Օրեր ետք, պարզուած է, որ այդ քաջ անձը, որ իր կեանքը վտանգած էր փրկելու համար ուրիշներունը, հայ մըն էր՝ Ֆրանք անունով:
48-ամեայ հերոսը հեռատեսիլի France 24 կայանէն վկայելով այդ դէպքին մասին, բացատրեց, թէ իսկոյն անդրադառնալով կատարուածին ծանրակշիռ բնոյթին, արագացնելով իր շարժանիւը, հասած է բեռնատարի դուռին մակարդակին, կառչած է անոր, հարուածելով մարդասպանը՝ փորձած է զայն ստիպել կանգ առնելու: Եթէ ինք եւս զոհերու երկար շարքին մաս չի կազմեր, ատիկա բոլորովին իր բախտին կը պարտի Ֆրանք, քանի որ ահաբեկիչը փորձած է կրակել իր դէմքին բայց ատրճանակը պարպուած ըլլալով չէ յաջողած: Ապա, նոր փամփուշտներ լեցնելով ան երբ սկսած է կրկին կրակել, Ֆրանք այս անգամ ստիպուած վար իջած է կառքէն: Բայց ինք կ’աւելցնէ, թէ բաւական դանդաղեցուցած ու խոչընդոտած է մարդասպանին գործողութիւնը, ինչ որ նաեւ թոյլ տուած է ոստիկաններուն՝ զայն վերջնապէս վնասազերծել:
«Ամէն պարագայի, պատրաստ էի մեռնելու», – կ’եզրափակէ Նիսի հայ հերոսը:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ