Ըստ Հայաստանի «Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան» «Սասնայ ծռեր» զինեալ խմբակի գործով կալանաւորուած է 47 անձ: Այս մասին կը նշուի ԱԱԾ-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ 47 ձերբակալեալներէն 24-ին դէմ մեղադրանք առաջադրուած է: Մեղադրանք առաջադրուած է նաեւ ընդդիմադիր գործիչներ Արմէն Մարտիրոսեանին եւ Անդրէաս Ղուկասեանին դէմ: