Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Կիւլէնի հայ ըլլալու թեման դարձեալ կը շահարկուի

«Օսմանեան Օճախներ»  հիմնարկութեան ընդհանուր նախագահ Խայրուլլահ Պէյազետ պնդեց որ Ֆէթհուլլահ Կիւլէն հարազատ հայ մըն է: Ան ընկերային ցանցի իր էջին վրայ հրատարակած է, որ Ֆէթհուլլա Կիւլէն  էրզրումցի հայ մըն է, անոր եղբօր անունը ՝ «Մէսիհ», իսկ մօր «Րապին» կը կոչուի: «Օսմանեան Օճախներ» հիմնարկութեան նախագահը պնդած է,  որ իր ըսածները ճշմարտութիւն են եւ եթէ հակառակը փաստուի, ինք պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն MHP Կուսակցութեան անդամ եւ իր հայատեաց կեցուածքներով յայտնի   պատգամաւոր Եուսուֆ Հալաճօղլու,   նոյն օրակարգով խօսելով   ըսած է ՝«Ֆէթհուլլահ Կիւլեն հայկական ծագում ունի եւ անոր մեծհայրը Էրզրումի մէջ գործօն դեր կատարած է թուրքերու դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան մէջ»:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ