«Ղարաբաղի հարցով միակողմանի զիջում չի կրնար ըլլալ». Նախագահ Սերժ Սարգսեան

Բաղրամեան փողոցի  իր նստավայրէն  ներս  ընդունելով երկրի քաղաքական    եւ կրօնական աւագանին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան ելոյթ մը ունենալով ներկայացուցած է իր եզրակացութիւնները՝ կապուած վերջին օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն: Նախագահը մասնաւորապէս ըսած է,  «ոչ  ոք  թող փորձէ Հայաստանը պատանդի կարգավիճակի մէջ դնել»: Ան նաեւ  ըսած է, որ բոլոր ոլորտներու մէջ եղած  կորուստներն  ու  տնտեսութեան հասցուած վնասները աններելի ու անընդունելի են: Ան  դիտել տուած,  որ   Երեւանը Պէյրութ կամ Հալէպ չէ:  Անոր  ըսելով, ոչ ոք պէտք է փորձէ Միջին Արեւելքի խնդիրները Հայաստան փոխադրել:ՀՀ նախագահը նաեւ ներողութիւն  խնդրած է լրագրողներէն 29 յուլիսի գիշերը եղած դէպքերուն համար բարձր գահատելով Հայաստանի լրագրողական դաշտի եւ լրագրողներու կատարած աշխատանքն ու երեւելի ճիգը Էրէբունիի ՊՊԾ  գունդի խնդրի խաղաղ լուծման համար: Նախագահը իր խօսքի աւարտին անդրադարձած է Ղարաղաբեան հիմնախնդրի շուրջ եղած խօսակցութիւններուն վստահեցնելով, որ Ղարաբաղը պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ  ու նաեւ բացառուած է, որ հայկական կողմը   միակողմանի զիջումներու   երթայ: «Ես իմ  գիտակցական ողջ կեանքս  նուիրած եմ  Ղարաբաղի  հիմնախնդրի կարգաւորման ու այսօր եւս  պատրաստ եմ իմ ժողովուրդի համար ընդունելի տարբերակի ապահովման համար  զոհաբերել, ոչ միայն ցանկացած պաշտօն այլ նոյնիսկ կեանքս»,-եզրակացուցած է Հայաստանի նախագահը: Նշենք, որ այսօրուան  հանդիպման ներկայ եղած են երկրի վարչապետը,  պետական նախարարներ   եւ ԱԺ  պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ Ամենայն Հայոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ն Վեհափառ հայրապետը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ