Վաղը 3 օգոստոսին հերթական դիտարկում պիտի կատարուի Արցախի մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է ԼՂՀ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը: Կը նշուի նաեւ, որ դիտարկումը պիտի կայացուի Ասկերան շրջանի Բաշ Քարվենդ բնակավայրին մօտ: Հայկական դիրքերուն մօտ դիտարկման աշխատանքներուն պիտի վերահսկէ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնական Իրժի Աբըրլէն իսկ ազրպէյճանական դիրքերէն եղող դիտարկումին պիտի հսկէ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասբրչիկի ու վերջինիս դաշտային օգնական Խրիստո Խրիստով: