Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Հալէպ ծանրօրէն կը ռմբակոծուի. Կան Տասնեակ զոհեր

  Հալէպի տարբեր շրջաններ ծանր հրթիռարձակումներ կ’ենթարկուին: Այս մասին տեղեկութիւն  փոխանցող  աղբիւրներ նոյնպէս  կը հաղորդեն, որ    երէկ գիշեր ծանր     հրթիռարաձումներու ենթարկուած  է մանաւանդ   Համատանիյէ շրջանը:  Ըստ  «Ալ Մայատին»   կայանին      նշեալ շրջանի  վրայ եղած  հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած  են 30 անձեր, որոնց մեծ  մասը կիներ եւ երեխաներ են: Աղբիւրը  նաեւ կը նշէ, որ «Ալ  Համատանիյէ» շրջանը բնակեցուած է  տարբեր    մարտի  գօտիներէ շրջան եկած   փախստականներով:     Ինչ կը վերաբերի Հալէպի հայկական   շրջաններուն,  ապա ըստ  մեր աղբիւրներուն այդ շրջանները կը գտնուին համեմատաբար  խաղաղ  վիճակի  մը մէջ:    Շրջանին մէջ  սակայն  երեւելի է  ջուրի  տագնապ եւ        անցնող  5     օրերուն շրջանները զրկուած են ջրամատակարարումէ: Նոյնը կարելի է ըսել ելեքդրական հոսանքի     պարագային:

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ